Փորթուկալ-Հայաստան Բարեկամութեան Միութեան Նախագահ Վահէ Մխիթարեանը Հիւրընկալուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան նախագահ Վահէ Մխիթարեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` նախարարն իր գոհունակութիւնը յայտնեց փոքրաթիւ, բայց նախաձեռնող, աշխոյժ համայնքի գործունէութեան վերաբերեալ եւ կարեւոր համարեց Հայաստանի եւ Փորթուկալի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած համայնքին ջանքերը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յորդորեց ներկայացնել Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը եւ նպաստել երկու ժողովուրդներու փոխճանաչողութիւնը:
Վահէ Մխիթարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ միութիւնը ստեղծուած է մէկ տարի առաջ եւ հիմնականին մէջ մշակութային ուղղուածութիւն ունի, այն աշխուժօրէն կը համագործակցի Սփիւռքի նախարարութեան հետ:
Յառաջիկային նախաձեռնած են Փորթուկալի մէջ կազմկերպել հայ մշակոյթի շաբաթ, կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքներ: