«ՍԵՄԱՍ» Այնճարի Աշակերտները UNESCO-ի Մրցոյթէն Վերադարձան Հինգ Բաժակով եւ 14 Ոսկէ Մետալով
Մայիս 26-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ «ՍԵՄԱՍ» (Սորպոն էճիւքէյշըն ֆոր մենթըլ արիթմեթիք սիսթըմ) հաստատութենէն Այնճարէն խումբ մը աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին «ՍՄԱՐԹ» հաստատութեան կազմակերպած մտային հաշուարկութեան երկրորդ տարեկան մրցումին` հովանաւորութեամբ Լիբանանի կրթութեան նախարարին Մարուան Համատէի:
Լիբանանի տարբեր շրջաններէ աւելի քան 800 աշակերտներ կը մասնակցէին այս մրցումին, Այնճարի «ՍԵՄԱՍ» հաստատութիւնը ներկայացաւ 14 աշակերտներով` Քրիսթել Գազանճեան, Սարել Գարաքէշիշեան, Կարէն Պոյաճեան, Գաբրիէլ Հաւաթեան, Շանթ Քենտիրճեան, Լիւսի Հերկելեան, Կարէն Հերկելեան, Գառին Քենտիրճեան, Ժիւլի Փամպուքեան, Սելին Ապրումեան, Ալիսա Չափարեան, Լալէ Զէյթլեան, Մոսիկ Հերկելեան եւ Արթիւր Հեքիմեան:
Մրցումը ընթացք առաւ նախ 6 վայրկեան (ABACUS)-ի մասով, ապա` 2 վայրկեան մտային հաշիւի մասով: Մրցումին յաջորդեց մասնակցողներու վկայականի տուչութիւնը. կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական բաժինը, որուն ներկայ էին Լիբանանի կրթութեան նախարարի խորհրդատու Անուար Տաու, հռչակաւոր բեմադրիչ եւ դերասան Տորետ Լահհամ, դպրոցներու տնօրէններ, ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հոծ բազմութիւն: Լիբանանի քայլերգը յոտնկայս ունկնդրելէ ետք խօսք առաւ «ՍՄԱՐԹ»-ի տնօրէն Թարեք Հարմուշ, որ ողջունելէ ետք օրուան հովանաւորը, յատուկ ձեւով ողջունեց Լիբանանի մէջ «ԿԱՃՍՄԱ»-ի (GAJSMA-Կլոպըլ ասոշիէյշըն աֆ ճեփընիզ Սորպոն էնտ մենթըլ արիթմեթիք) տնօրէն Պօղոս Քենտիրճեանը, ինչպէս նաեւ իր խօսքին աւարտին հրաւիրեց զայն, որ իր խօսքը արտասանէ:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն եւ բաժակներու տուչութիւն. բոլոր աշակերտները ստացան ոսկեայ մետալներ` բացառիկ յաջողութիւն արձանագրած ըլլալու պատճառով, ինչպէս նաեւ բաժակներ ստացան իւրաքանչիւր խմբակի բարձրագոյն նիշ հաւաքողները:
«ՍԵՄԱՍ» Այնճար մասնաճիւղէն հետեւեալ աշակերտները ստացան բաժակներ բարձր գնահատանքով` Սելին Ապրումեան (սուփըր ախոյեան), Ալիսա Չափարեան (առաջին), Արթիւր Հեքիմեան (երկրորդ), Քրիսթել Գազանճեան (երրորդ), Գաբրիէլ Հաւաթեան (չորրորդ): Նշենք, որ տուեալ կարգը ընտրուած է իրենց ընդհանուրի հաւաքած նիշերու կարգով:
Աշակերտները վերադարձան Այնճար` հինգ բաժակ եւ 14 ոսկեայ մետալներով, մեծ հպարտութեամբ, անսահման ուրախութեամբ եւ մեծ պատիւ բերելով Այնճարին ու հայութեան:
Նշենք, որ «ՍԵՄԱՍ» հաստատութիւնը միակ հայկական կեդրոնն է Լիբանանի մէջ, ուր համաշխարհային չափանիշներով կը դասաւանդուի մտային հաշիւ` ուղեղի զարգացման համար: