Շուշիի Ազատագրման 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Լիեժ Քաղաքին ՄԷջ

Մայիս 27-ին Պելճիգայի թագաւորութեան Լիեժ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին նուիրուած երեկոյ` «Դրախտի շունչը» խորագիրով:
Երեկոյի բացման խօսքին մէջ «Արաքս» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Հերմինէ Ազարեան հանդիսատեսին ներկայացուցած է Արցախի, անոր ստեղծման պատմութիւնն ու անցած ուղին` մինչեւ մեր օրերը: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Պոլճիգայի թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական Իրինա Բեգլարեան:
Երեկոյին ընթացքին ներկայացուած է «Արցախ» եւ Գեղամ Մելիքեանի «Հերոսներ-հանճարներ» ցուցահանդէսները` նուիրուած արցախեան հերոսամարտերուն :
Այնուհետեւ հանդիսատեսին ուշադրութեան ֆրանսերէն լեզուով ներկայացուեցաւ «Մեր Արցախը» կարճամեթրաժ փաստագրական ֆիլմը:Երեկոյի գեղարուեստական մասը ներկայացուցին Պելճիգայի եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ յայտնի երաժիշտներ Նառա Նոյեանն ու Վարդան Յովհաննիսեանը:
Երեկոյի աւարտին Հերմինէ Ազարեան «Արաքս» մշակութային կեդրոնի անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հիւրերուն եւ մասնակիցներուն, ձեռնարկին աջակիցներուն` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Պելճիգայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին, երաժիշտներուն եւ կամաւորներուն: