Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Պայքար Սվազլեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/05/պայքար.jpg)
Մայիս 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքի համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի փրոֆէսոր, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Իտալիոյ տեղական մարմնի նախագահ Պայքար Սվազլեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` Հրանոյշ Յակոբեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց իտալահայ հայագէտին եւ հասարակական գործիչին կողմէ իրականացուող ազգանպաստ գործունէութեան վերաբերեալ:
Քննարկուեցաւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայագիտական կեդրոններու համագործակցութեան, անոնց կողմէ իրականացուող ծրագիրներու համակարգման հարցը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Պայքար Սվազլեան կարեւոր համարեց Սփիւռքի նախարարութեան հետ հայագիտական կեդրոններու աշխոյժ համագործակցութիւնը: Ան հաւաստիացուց, որ յառաջիկային առաւել աշխոյժ ու արդիւնաւէտ կ’ըլլան Իտալիոյ հայ համայնքի ներուժը Հայաստանի զարգացման գործին ներգրաւելու անոնց ջանքերը:
Պայքար Սվազլեան անդրադարձաւ վերջերս Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին նուիուած ձեռարկին, որ կազմակերպած էր Իտալիոյ Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպանատունը:
Պարոն Սվազլեան տեղեկացուց նաեւ Իտալիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ շարունակուող Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթարշաւի մասին եւ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ դեսպանութիւնը կը փորձէ լռեցնել տեղական իշխանութիւնները տարբեր սպառնալիքներով: Ատոր հետ կապուած Պայքար Սվազլեան աւելցուց, որ Իտալիոյ Սենատի անդամ Ալտօ տի Պիաջիոն խորհրդարանին մէջ
հարց մը բարձրացուցած է` պահանջելով վարչապետէն եւ Արտաքին գործոց նախարարէն, որպէսզի անոնք վերջ դնեն Թուրքիոյ դեսպանին կողմէ Իտալիոյ ներքին գործերուն խառնուելու եւ համայնքային խնդիրներուն միջամտելու գործողութիւններուն:
Քննարկուեցան երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցեր: