Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս Կլենտէյլի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/05/հուշահամալիր.jpg)
Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանին մէջ, Մայիս 19-ին, պիտի բացուի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէս։ Այս մասին կը հաղորդէ news.am-ը՝ վկայակոչելով Glendale California-ն:
Կլենտէյլի վերաբացուած եւ վերանորոգուած Կեդրոնական գրադարանի գլխաւոր առանձնայատկութիւնը Reflect Space-ն է: Անիկա ցուցահանդէսային տարածք է` նախատեսուած ամբողջ աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներն ու մարդկոց նկատմամբ վայրագութիւնները ուսումնասիրելուն:
«Յիշողութեան բնանկար. Ցեղասպանութեան վկաներն ու հետեւանքները» խորագիրով առաջին ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնէ ցեղասպանութիւնը վերապրած մարդոց պատմութիւնները: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին նաեւ Ցեղասպանութիւն վերապրածներու ժառանգներու արուեստի գործերը: