Սուրիահայ Գործարարներու Հիմնած Դեղագործական Արտադրութիւնը Թոյլ Պիտի Տայ 30-40 Տոկոսով Նուազեցնել Դեղորայքի Գիները
Կոտայքի մարզի Ջրվէժ գիւղին մէջ ապրիլ 1-ին բացուած է «Թուֆենքչի գրուպ» դեղագործական արտադրանքի գործարանը, որ հիմնադրուած է սուրիահայ գործարարներուն կողմէ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են ՀՀ առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան, ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցին Առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան նշած է, գործարանին մէջ պիտի արտադրուին ցանկացած դեղաﬕջոցներ, որոնք պահանջարկ ունին ներքին շուկային մէջ:
«Արտադրութեան սպառման դէպքում այն հնարաւորութիւն կը տայ մինչեւ 30-40 տոկոսով շուկայում դեղորայքի գները նուազեցնել»,- ըսած է Ալթունեան: Անոր խօսքով` նման տեսակի գործարան դեռեւս չէ եղած Հայաստանի մէջ: «Ի հարկէ, ունենք դեղագործական արտադրութիւններ, որոնք զբաղւում են այլ գործառոյթներով, սակայն փաթեթաւորման այսպիսի արտադրութիւն դեռ չի եղել: Յուսով եմ, որ նման արտադրութիւնները կը զարգանան»,- նշած է նախարարը:
«Թուֆենքչի» ընկերութեան նպատակն է թողարկել բարձրորակ դեղագործական արտադրանք, մասնաւորապէս` ցաւազրկողներ, հակահիպերտոնիկներ, սննդային յաւելուﬓեր, վիթաﬕններ, հակատիաբետիկ դեղեր եւ այլն: Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումերու նախարար Սուրէն Կարայեանի կարեւոր համարած է այն հանգամանքը, որ գործարանը հիմնուած է սուրիահայերուն կողմէ: «Նման նախաձեռնութիւնները նախարարութեան համար շատ ողջունելի են եւ ուրախալի: Մենք պատրաստ ենք սփիւռքի ﬔր բոլոր հայրենակիցների կողքին լինել, որպէսզի նման նախաձեռնութիւնները աւելի յաճախակի լինեն եւ նրանց համար Հայաստանում գործունէութիւն ծաւալելը լինի աւելի գրաւիչ եւ ուրախալի»,- ընդգծած
Է Կարայեան: Նախարարին կարծիքով` նման գործարաններու բացումը կ’ընդլայնէ դեղագործական ոլորտի արտադրութիւնը:
«Այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր է դեղագործական ոլորտի զարգացման համար, որն ունի բաւականին ﬔծ ներուժ եւ հեռանկար, որը դեռ իրացուած չէ: ԵԱՏՄ-ին անդամակցելով` Հայաստանը ստացել է լայն հնարաւորութիւններ, որպէսզի կարողանայ երկրում արտադրուածը արտահանել ԵԱՏՄ մեծ շուկայ»,- նշած է Կարայեան:
«Թուֆենքչի գրուպ» գործարանի գործադիր տնօրէն Քառլօ Գասպարը նշած է, որ 2017 թուականին «Թուֆենքչի» ընկերութիւնը կը նախատեսէ արտադրել 350-400 հազար ԱՄՆ տոլարի արտադրանք, ստեղծել 25-30 աշխատատեղ:
«Յետագային կը նախատեսուի ընդլայնել արտադրութիւնը, որուն արդիւնքով կը ստեղծուի եւս 50-60 աշխատատեղ: Տնտեսական զարգացման եւ ներդրուﬓերու նախարարին հետ սերտ համագործակցութիւն ծաւալած ենք: Նախարարութիւնը ցոյց տուած է մեզի ամենակարճ եւ դիւրին ճանապարհը, որպէսզի կարենանք արագացնել գործարանի շահագործման գործընթացքը»,-ընդգծած է գործադիր տնօրէնը:
Ըստ անոր` ընկերութիւնը կը նախատեսէ իր արտադրանքը արտահանել Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան, Լիպիա, Ալժիր, Եմէն եւ այլն:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի դիտարկմամբ` նման նախաձեռնութիւնները կը խթանեն միւս սուրիահայերուն Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու: «Շատ հաճելի է, որ սիրիահայերը կան բոլոր ոլորտներում, եւ այսօր նման ձեռնարկութիւն է մեկնարկում: Սա նաեւ յոյս եւ վստահութիւն է բոլոր այն սիրիահայերի համար, ովքեր դեռեւս տատանւում են` մնալ հայրենիքում, թէ ոչ: Սիրիահայերի ներուժը շատ մեծ է, նրանք բոլորն էլ ստեղծագործ, արարող եւ աշխատող նուիրեալ մարդիկ են»,- եզրափակած է նախարարը: