Արցախը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի աշակերտութեան սրտին ու հոգիին մէջ

«Հայերն այսօր»– Արցախը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի աշակերտութեան սրտին ու հոգիին մէջն է, ինչպէս պատկերուած է լուսանկարին մէջ: Ան հայ աշակերտին առօրեայ մտածումի ու ապրելակերպի մաս կազմած, հայօրէն ապրելու եւ տէր դառնալու պատմական նշանակութիւն ունեցող պապենական այն հողն է, ուր քաջարի հայ մարտիկները գրաւեցին բարձունքը հպարտութեան ու անսասանութեան:

Արցախը՝ այն ամրակուռ ամրոցն է, որուն երդիկին տակ հաւաքուած հայ ազգը քաջարի զայն կը պաշտպանէ փառապանծօրէն յաղթանակած շունչով ու մեծ երազի տեսիլքով, ներշնչանքի աղբիւր դարձած, սիրոյ եւ հայրենասիրութեան անվիճելի համոզումով, որ Ան Մերն է ու Մերը պիտի մնայ յաւիտեան, քանի հայ ազգը կ’ապրի ու միակամ ոգիով պիտի շարունակէ գոյատեւել յանուն հայրենիքի անպարտելի գոյութեան ու յաւերժութեան:

Հազա՜ր օրհնանք ու պատիւ մօտիկ անցեալին մեր տառապեալ երկրագունդի ամենատաք կիզակէտը եղած բազմախոց, բայց հպարտ Արցախ հայաշխարհին: Իր մարտիրոս առիւծ որդիներուն համար, բառին ազնուագոյն եւ ամէնէն իրաւ առումով դարձած աշխարհի ամենախաղաղ եւ գեղեցկագոյն մայր երկիրը: Ոգիի, լոյսի, ցնծութեան եւ անժամանցելի սրբութիւններու աստուածօրհնութիւնը:

Աղբիւրը՝ «Հայերն այսօր»

Scroll Up