«Արցախ-2017» Խորագիրով Բանակում Յորդանանի Մէջ. լուսանկարներ

Ընդառաջելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական կոչին` Ամմանի ազգային մարզական միութեան սկաուտական յանձնախումբը որոշեց այս տարի բանակումը իրականացնել «Արցախ-2017» խորագիրով, հաւատալով, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ուժով առաւել կը հզօրանայ Արցախը եւ կը յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, հովանաւորութեամբ ԱՄՄ-ի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԱՄՄ-ի սկաուտական յանձնախումբին` բանակումը տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 1-3` ԱՄՄ-ի բանակավայրին մէջ, որուն մասնակցեցաւ 42 սկաուտ:

Բանակումի ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ԱՄՄ-ի վարչական անդամ Յակոբ Յակոբեան եւ Միութեան սկաուտապետ Աւետիս Եաղլեան, որոնց աջակցեցան սկաուտական յանձնախումբի անդամները:

Եռօրեայ բանակումի ծրագիրը յագեցուած էր լայնածաւալ աշխատանքներով` ֆիզիքական եւ դաշտային, հայկական երգով, պարով, խմբակային խաղերով, սկաուտական սարքաւորումներ պատրաստելով եւ խարոյկահանդէսի պատրաստութեան փորձերով, անշուշտ, միշտ հայկականութիւնն ու հայախօսութիւնը դարձնելով սկաուտական կեանքի կիզակէտը:

Ստեղծագործ եւ յագեցած ծրագիրներով մշակուած այս բանակումն աւարտեց սեպտեմբեր 3-ին` աւանդական խարոյկահանդէսով, որուն յայտագիրը սկսաւ ԱՄՄ-ի սկաուտներու շքերթը` սկաուտական փողերախումբի հնչիւններու ներքոյ, որոնք խումբ առ խումբ տողանցեցին բանակավայրին մէջ: Հայկական, յորդանանեան  եւ ԱՄՄ-ի սկաուտական դրօշակներու հանդիսաւոր արարողութենէն ետք խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ բանակումի աւանդական խարոյկի հրավառութիւնը:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց ԱՄՄ-ի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Սերփեքեան, որ նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա յատուկ գնահատանքի խօսք ուղղեց սկաուտական յանձնախումբի ղեկավարներուն, որոնց ծաւալած գործունէութեան պատճառով, երիտասարդութեան մօտ օրըստօրէ կը բարգաւաճի եւ կը զարգանայ հայկական դաստիարակութիւնը: Ապա խօսքը փոխանցուեցաւ Սկաուտական յանձնախումբի ատենադպիր Թալին Յակոբեանին, որ ջերմօրէն ողջունեց ներկաները, խօսեցաւ հայ սկաուտի  հայրենիքի, ազգի, Հայ եկեղեցւոյ ու փառաւոր մշակոյթին հանդէպ դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հաւատալով Սկաուտական յանձնախումբի առաքելութեան` միշտ կը քաջալերեն յանձնախումբի գործունէութիւնը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիրը, որուն մասնակցեցան սկաուտական բոլոր խումբերը, իրար յաջորդեցին պարեր, երգեր, որոնք արժանացան ներկաներու բուռն ծափահարութեան: Ապա ներկաները մեծ պաստառի վրայ դիտեցին բանակումի ընթացքին սկաուտներու գործունէութիւնը արտացոլող տեսաերիզ: Խանդավառութիւնը եւ տօնական օրուան պարգեւած ուրախութիւնն ակնյայտ էր ամենուրէք:

ԱՄՄ-ի սկաուտական տարեկան բանակումը եւ խարոյկահանդէսն աւարտեցաւ Հոգեշնորհ Տէր Աւետիս Ծայրագոյն Վարդապետ Իփրաջեանի օրհնութեան խօսքով եւ բարեմաղթանքներով` մասնակիցներուն պարգեւելով անմոռանալի ժամանակ` լի հետաքրքիր տպաւորութիւններով, հաճելի յուշերով եւ նորանոր գիտելիքներու մեծ վաստակով:

 

Scroll Up