Հրթիռակոծուած է Հալէպի «Բեթել» Վարժարանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/Հալեպ1-300x225.jpg)
Հոկտեմբեր 10-ին, առաւօտեան ժամը` 05:00-ին, հրթիռ մը ինկած է Հալէպի Թելեֆոն հաուայի թաղամասին մէջ գտնուող Հայ աւետարանական «Բեթել» վարժարանին վրայ:
«Վարժարանին շէնքը բաւական վնասներ կրած է: Բարեբախտաբար, մարդկային զոհեր չենք ունեցած: Առաւօտ կանուխ էր, եւ դեռ աշակերտները վարժարան չէին եկած,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ, վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան եւ աւելցուցած,-իմ բնակարանս դպրոցէն մօտ 30 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Ես հրթիռին ձայնը լսեցի, բայց մտածեցի, որ մեր բնակութեան վայրէն հեռու ինկած է: Եւ միայն առաւօտեան պարզեցինք, որ հրթիռին թիրախը մեր վարժարանն էր»:
Հակառակ հրթիռակոծութեան` վարժարանին մէջ դասերը չեն ընդհատուած.«Առաւօտեան մենք փորձեցինք ամէն ինչ կարգի բերել, որպէսզի երեխաները շատ բան չտեսնեն: Հրթիռը հիմնականօրէն վնասած էր վարժարանին տանիքը եւ 12-րդ դասարանը: Այդ դասարանի աշակերտները մենք այլ դասասենեակ տեղափոխեցինք: Շուտով կը սկսինք վերանորոգման աշխատանքները»,-նշած է Յարութիւն Սէլիմեան: