Սուրիահայ Բժիշկի Բարեգործական Ծրագիրները Հայաստանի Մէջ Կը Շարունակուին

Բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, վիրաբոյժ, բազմաթիւ բժշկական աշխատութիւններու հեղինակ,  ACMA-ի (Հայկական Քրիստոնէական Բժշկական Միութեան)  հիմնադիր եւ նախագահ դոկտոր Ճանի Հատատը կրկին Հայաստանի մէջ է:

Տարին 2-3 անգամ սուրիահայ բժիշկը կու գայ ու վիրահատութիւններ կը կատարէ Հայաստանի տարբեր բժշկական հաստատութիւններու եւ ԼՂ-ի մէջ: Այս այցի ծիրէն ներս` 1 շաբթուան ընթացքին, բժիշկը կը հասցնէ  քանի մը հարիւրի հասնող հիւանդներու զննել եւ անհրաժեշտութեան պարագային` վիրահատել:

Բժիշկ Հատատը արդէն 38-րդ անգամն է, որ նման այց կը կատարէ Հայաստան: Այս այցի ծիրէն ներս Ճանի Հատատ հերթական անգամ այցելեց Գիւմրի, ուր Սեպտեմբեր 22-24 տարաբնոյթ 50  վիրահատութիւն  կատարած է, իսկ մինչ այդ աւելի քան 200 խորհրդատուութիւն: Այս անգամ վիրահատութեան ու խորհրդատուութեան համար Գիւմրի եկած էին ոչ միայն Շիրակի մարզի տարբեր համայնքներէն, այլ նաեւ Լոռիէն ու հարեւան Վրաստանի հայաբնակ համայնքներէն: Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս բժիշկին կը դիմէին ճողուածքներ, թութք, խպիպ, քաղցկեղ եւ այլ խնդիրներ ունեցող անձիք: Իւրաքանչիւր վիրահատութիւն բժիշկին կողմէ կը կատարուի փոքր բացուածքով, որ հնարաւորութիւն կու տայ հիւանդին հէնց նոյն կամ յաջորդ օրը արդէն դուրս գրուիլ հիւանդանոցէն:

Բժիշկը դեռեւս 2000 թուականէն  իր կեանքի սկզբունքը  դարձուցած է պարբերաբար Հայաստան այցելելով` անվճար վիրահատութիւններ կատարելն ու բուժօգնութիւն ցուցաբերելը, բայց արմատներն ու նախապատմութիւնը բաւականին խորն են` 1988թ-ի աղէտալի երկրաշարժի  ժամանակ բժիշկը կ’աշխատէր Քուէյթի մէջ:

Ճանի Հատատի հետ ամիսներ առաջ իրականացուցած Հայերն այսօրի հարցազրոյցը կարելի է կարդալ այստեղ:

Scroll Up