ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Լիբանանի Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի Ղեկավար Անդրանիկ Տաքեսեանը

Հոկտեմբեր 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ղեկավար Անդրանիկ Տաքեսեանը:
Հանդիպման ընթացքին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ու Անդրանիկ Տաքեսեանը քննարկեցին Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան, Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող սփիւռքագիտական հետազօտութիւններու եւ այդ ուղղութեամբ տարուող յառաջիկայ ընելիքներու վերաբերեալ ծրագիրները: Անդրադարձ եղաւ նաեւ սփիւռքագիտութեան զարգացման ու Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող համահայկական համաժողովներուն, մասնագիտական գիտաժողովներուն Սփիւռքի ներկայացուցիչներու աշխուժ մասնակցութեան առնչուող հարցերուն: