«Թո՛ղ Միշտ Ամուր Ըլլան Հայրենիք- Սփիւռք Համագործակցութեան Միասնութեան Կամուրջները». Գարիկ Յովհաննիսեան

«Արի տուն-2016»-ի  քանի մը փուլեր առանձնայատուկ դարձան «Արօր» մշակութային կեդրոնի հիմնադիր, Վարազդատ Համբարձումեանի «Խաչքարարուեստի դպրոց»-ի ներկայացուցիչ Գարիկ Յովհաննիսեանի կողմէ իրականացուող քանդակի դասերուն շնորհիւ: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան կազմակերպած այս իւրօրինակ  դասընթացքը  սփիւռքահայ երեխաներու ճամբարային առօրեան դարձուց առաւել հետաքրքիր. անոնցմէ շատերը առաջին անգամ կը  լսէին խաչքարի ստեղծման պատմութեան, խաչքարագործ հայ վարպետներուն մասին եւ առաջին անգամ իրենց ձեռքը կ’առնէին քանդակելու, փորագրելու համար նախատեսուած գործիքները:  Ճամբարային  օրերու 7-րդ փուլի մասնակիցներուն համար  Օգոստոս 11-ը մշակութային ձեռնարկի յիշարժան օր դարձաւ  ոչ միայն գծանկարներու, փորագրութեան դասերով, այլեւ` իրենց ստեղծած առաջին փոքրիկ  աշխատանքներու ցուցադրութեամբ, իսկ երեկոյեան` խաչքարի ստեղծման մասին ֆիլմի դիտումով:

«Շատ ուրախ եմ, որ իմ ծրագիրս կ’աշխատի, որ աշխարհի տարբեր ծայրերէ Հայրենիքի մէջ գտնուող պատանիներն ու աղջիկները կը ծանօթանան ոչ միայն Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններուն, այլեւ` մեր  բացառիկ  հոգեւոր արժէքներէն մէկուն` խաչքարարուեստին: Կը կարծեմ, որ սա ալ հայապահպանութեան ճանապարհ մըն է: Հայ խաչքարագործ վարպետներու` կարծես անձեռակերտ  աշխատանքները այնքա՜ն բան  կրնան պատմել հայերու ու Հայաստան աշխարհի մասին. համոզուած եմ, որ մեր հոգեւոր արժէքներուն, մեր մշակոյթին ու արուեստին ծանօթացող  իւրաքանչիւր հայորդի, աշխարհի որ ծայրն  ալ, որ ապրի,  օր մը անպայման  պիտի երթայ դէպի իր արմատները: Ինծի ամէնէն շատ կ’ուրախացնէ այն փաստը, որ  սփիւռքահայ երեխաներէն շատերը արդէն ցանկութիւն  յայտնած են սորվելու  այդ արուեստը, ես խոստացած եմ  խաչքարի, հայկական զարդանախշերու  մասին գիրքեր, տեսաերզներ ուղարկել անոնց: Երեխաները այդ օրը գծանկարներ ըրին, քանդակներ. այնքա՜ն ոգեւորուած  կ’աշխատէին, որ անոնց աշխատանքէն կտրել հնարաւոր չէր:  Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած մանրանկարչութեան, զարդատառերու եւ զարդանախշերու մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք  երեխաներուն թուղթեր բաժնեցի, որոնց վրայ անոնք սկսան նկարել զարդանախշեր, հայկական տառատեսակներ. անգամ այն երեխաները, որոնք հայերէն գրել-կարդալ չէին գիտեր, այնքա՜ն  լաւ կը նկարէին: Այս նախաձեռնութիւնը  դարձաւ  խոր եւ շարունակական ընթացք  պահանջող  հետաքրքիր նորութիւն մը «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս: Երեկոյեան ցուցադրեցի իմ հիմնադրած «Արօր» մշակութային կեդրոնի հեղինակային` «100 տարուան յիշողութիւն» խաչքարի  ստեղծման մասին պատմող  վաւերագրական ֆիլմը, որ ես նկարած եմ ուսումնական  ծրագիրներուն համար, ֆիլմի  համակարգողը իմ լաւ ընկեր Սասուն Մելիքեանն է: Ֆիլմը  առաջին  անգամ ցուցադրուած է Սիտնէի մէջ: Ճամբարային ցուցադրութեան  ընթացքին  եղան մեկնաբանութիւններ, երեխաներուն կողմէ  հարցեր հնչեցին: Ֆիլմը նկարած եմ 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով. երեխաները այնչափ տպաւորուած էին. գուցէ անոնց շարքերու՞ն ըլլան  ապագայի  տաղանդաւոր  խաչքարագործ վարպետներ:  Խաչքարերու, նախշազարդերու  թեման  միջոց դարձաւ`  մեր օրերէն հասնելու մինչեւ Մովսէս Խորենացի, մինչեւ Նարեկացի…ցանկալի է, որ այս ծրագիրը շարունակական ըլլայ, որովհետեւ այն տուաւ դրական  արդիւնք. ես տեսայ այն, ինչին կը սպասէի: Երեխաներէն շատերը, համոզուած եմ, կը դառնան վարպետներ եւ հայկական խաչքարարուեստը կը տարածեն ողջ աշխարհի մէջ: Կ’ողջունեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայապահպան բոլոր ծրագիրները, որոնք Հայրենիք-Սփիւռք  համագործակցութեան  կարեւոր կամուրջ մըն են. այդ կամուրջները թո՛ղ միշտ ամուր ըլլան, ատոնք  միասնութեա՛ն կամուրջներ են»,-այսպիսի վերջաբանով աւարտեց Գարիկ Յովհաննիսեանի հետ «Հայերն այսօր» –ի համար  կատարած իմ  հարցազրոյցս:

Կարինէ Աւագեան

խաչքարխաչքար1խաչքար5խաչքար4խաչքար3խաչքար2խաչքար6խաչքար7խաչքար8խաչքար9խաչքար10խաչքար11խաչքար12խաչքար13

 

Scroll Up