Հռոմի Պապի Հետ Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան Համար «Աղօթող» Պատանիները. Աղօթք Առ ԱՄԷ

Յունիս 25-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի ընդհանրական արարողութեան կը մասնակցին ԱՄԷ ապրող` Մարիա եւ Քրիստափոր Հապիպեանները, որոնք իրենց ծննդավայրէն բերուած  բուռ մը հողով կը մասնակցին ալեկոծեալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար Հռոմի Պապի հնչեցուցած աղօթքին:

Կը ներկայացնենք ԱՄԷ ապրող պատանիներուն մասին «Հայերն այսօր»-ի փոքրիկ անդրադարձը:

Մարիա եւ Քրիստափոր Հապիպեանները քոյր ու եղբայր են, կ’ապրին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Մարիան եւ Քրիստափորը տարուան մեծ մասը Լիբանանի մէջ կը  գտնուին, քանի որ 2012 թուականէն տեղափոխուած են Լիբանան` ուսում ստանալու համար: Ամառնային արձակուրդներուն  միայն մայրիկին հետ ԱՄԷ կ’երթան ` հայրիկին մօտ, որ այնտեղ փաստաբան կ’աշխատի:

Այս տարուան ամառը անոնց համար հոգեպարար եւ յիշարժան դրուագներով լի կը դառնայ` Մայր Հայրենիքի մէջ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպման պատճառով, որուն համար յատուկ Հայաստան  եկած են: Յուզմունքը եւ պատասխանատուութիւնը մեծ է նաեւ, որ բոլորին հետ միասնաբար Խաղաղութեան աղօթք պիտի յղեն առ Աստուած:

Անոնք անհամբեր կը սպասեն, թէ երբ Հռոմի պապին պիտի հանդիպին, որպէսզի անոր Տուպայէն բերուած հողը նուիրեն:

Մարիա եւ Քրիստափոր «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուցին, որ իրենց նախնիները Արեւմտեան Հայաստանի Ատանա քաղաքէն են: Անոնք նոյնպէս Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած են:

Փրկուելով թրքական կոտորածէն` Մարիայի եւ Քրիստափորի մեծ հայրիկը Լիբանան փախած է, ուր սկսած է մրգավաճառութեամբ զբաղուիլ, ապա ընտանիք կազմել:

 

Scroll Up