«Մեզի Հնարաւորութիւն Տրուած Է Ճանչնալու Մեր Հայրենիքը. «Արի Տուն-2016» Ծրագիրի Մասնակից

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2016» թուականի մասնակից, ամերիկահայ Հրաչ Պլիկեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ ամէն տարի անհամբերութեամբ կը սպասէ ամառնային արձակուրդներուն, որպէսզի ծնողքէն խնդրէ` իրեն կրկին Հայաստան տանին:
Այստեղ ինք շատ լաւ կը զգայ, կրնայ լիարժէք հանգստանալ: Հայաստան ապրող մարդոց մասին խօսելուն` կ’ըսէ, որ անոնց հետ հաղորդակցուիլը հեշտ է, երբ որեւէ հարցով կը դիմէ անոնց, պատրաստակամ են օգնելու: Ապրելով ԱՄՆ-ի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ` Հրաչը հայկական դպրոց կը յաճախէ, որպէսզի լաւ տիրապետէ հայերէնին:
«Արի տուն» ծրագիրը շատ հաւնած է: Առաւօտեան ոգեւորութեամբ կ’արթննամ եւ կը շտապեմ հայոց լեզուի դասընթացներուն, որմէ ետք մասնակիցներուն հետ շրջագայութեան կը մեկնիմ Հայաստանի տեսարժան վայրերով:
«Ընկերներուս հետ կը մասնակցիմ «Արի տուն» ծրագիրին: Որոշում կայացնելէ ետք հասկցանք, որ մեզի հնարաւորութիւն տրուած է մօտէն ճանչնալու մեր Հայրենիքը, ծանօթանալու հայկական մշակոյթին: Երբ որեւէ եկեղեցի, թանգարան կամ այլ շինութիւն կը տեսնեմ, կը յիշեմ, որ ատոնք նախապէս համացանցի միջոցով ուսումնասիրած էի ` լաւ պատկերացնելու, թէ ուր պիտի այցելելեմ»,-ըսաւ Հրաչ Պլիկեան:
Գէորգ Չիչեան