Հայրենադարձութեան Շնորհիւ` Երջանկութիւնս Գտայ. Թեննի Ադամեան

«Հայերն այսօր»-ի  զրուցակից իրանահայ կրաֆիքական ձեւաւորող, նկարչուհի Թեննի Ադամեանի կեանքին մէջ ճակատագրի գործօնը մեծ նշանակութիւն  ունեցած է: Հայաստան կատարած այցելութիւնները ոգեւորած են, որ Հայրենիքի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստանայ, որն ալ  հայրենադարձութեան պատճառ հանդիսացած է:  Իսկ  որոշ ժամանակ անց`  խորհրդանշական  օր մը, ճակատագրի թելադրանքով հանդիպած է Թոմին, որ յետագային պիտի դառնար անոր ամուսինը:

Թեննի՛, ինչը՞ շարժառիթ հանդիսացաւ, որ ուսումդ Հայաստանի մէջ շարունակես:  

-Գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն էր, որ Հայաստանի մէջ երիտասարդներուն ընձեռուող առաւելութիւններն ու հնարաւորութիւնները,  համեմատած Իրանի, բաւականին  շատ են:

Ծննդավայրիս` Թեհրանի մէջ, ապահով  ապրած եմ, ոչ մէկ խնդրի առջեւ չեմ կանգնած, ազգային ճնշումներու ալ երբեք չեմ ենթարկուած. հայերը, իբրեւ քրիստոնեայ ազգ, Իրանի մէջ միշտ յարգուած  եղած են:

Պարզապէս մեծ ցանկութիւն ունէի Հայաստանի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու: Այդ ցանկութիւնը աւելի կ’ամրապնդուէր նախորդ տարիներուն, իբրեւ զբօսաշրջիկ` Հայաստան կատարած այցելութիւններուս ժամանակ: Հայաստանի մէջ ուսանող ընկերներ ունէի, որոնք ինծի խորհուրդ տուին  հետեւիլ իրենց օրինակին:

2001 թուականին  առաջին անգամ Հայաստան եկած եմ, որն ալ ճակատագրական դարձաւ ինծի համար: Վերադառնալով Թեհրան` մէկ տարուան մտորումներէն ետք հաստատակամօրէն վճռեցի նպատակիս հասնելու  համար Հայրենիք վերադառնալ:

Ինչպիսի՞ դիրքորոշում ունէին ծնողներդ այս հարցին շուրջ:

-Սկիզբը անհանգիստ էի, թէ իմ որոշումիս ինչպէս կ’արձագանքէին: Սակայն ծնողներս վստահեցան ինծի, քանի որ հասկցան` հարցին լուրջ  տրամադրուած եմ: Այս առումով հեշտ ստացուեցաւ անոնց համաձայնութիւնը ստանալ :

 – Մասնագիտական ի՞նչ ուղի ընտրեցիք, Թեննի՛:

-Ընտրեցի Կրաֆիքական ձեւաւորման մասնագիտութիւնը, քանի որ այդ ուղղութիւնը հոգեհարազատ էր ինծի: Մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար ընդունուեցայ Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիայի Ընդհանուր ձեւաւորման բաժինը, ապա ուսումս մագիստրոսի մէջ շարունակեցի:

Ուսման զուգահեռ` դասերէն յետոյ նաեւ աշխատած եմ գովազդային ընկերութեան մէջ:

Կրաֆիքական ի՞նչ աշխատանքներ  կը պատրաստէք:

– Կրաֆիքական ձեւաւորող ըլլալով` design and branding ոճին մէջ  աշխատած եմ, նաեւ  առցանց կայքեր  պատրաստած եմ:  Այժմ ալ կրաֆիքական տարբեր աշխատանքներ կը կատարեմ:

Այս աշխատանքներուն զուգահեռ` նկարչութեամբ կը զբաղիմ, որ  հոգիիս մէջ կուտակուած ապրումներն ու զգացումները արտայայտելու հնարաւորութիւն  կու տայ:

 Նկարչութիւնը  շատոնց գրաւած է զիս: Հիմնականին մէջ գծանկարներ եւ դիմանկարներ կ’ընեմ: Հայրս նոյնպէս նկարչութեան հանդէպ մեծ սէր ունի: Չնայած հաշուապահ ըլլալուն` պարսկական աւանդական զարդանախշերով մանրանկարներ կը պատրաստէ:

Ինծի համար հաճելի է նկարել այն մարդոց, որոնց անձամբ կը ճանչնամ: Որքան մտերիմ եմ տուեալ մարդուն, այնքան հեշտ կը ստացուի անոր պատկերելը: Վերջերս նման երկու դիմանկարներով ալ մասնակցեցայ «Արուեստ էքսպօ-2016» միջազգային 2-րդ ցուցահանդէսին:

Ինչպէ՞ս իմացաք, որ Հայաստանի մէջ նման ցուցահանդէս կը կազմակերպուի:

 -Ցուցահանդէսի կազմակերպիչը` լիբանանահայ գեղանկարիչ Վագօ Արմէնօ Խախամեանը, շատոնց կը ճանչնայի: Անցեալ տարուան ցուցահանդէսին, որուն ընկերուհիս կը մասնակցէր, հիւրի կարգավիճակով կը  գտնուէի: Տեղեակ էի, որ այն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կ’իրականացուի եւ ցուցահանդէսին կը ներկայացուին սփիւռքահայ արուեստագէտներու աշխատանքները:

Հէնց ցուցահանդէսի ժամանակ ալ միտք ծագեցաւ, որ յաջորդ տարի ես նոյնպէս մասնակցիմ: Այդ մասին տեղեակ պահեցի Վագոյին: Մասնակցութիւնս ցուցահանդէսին յիշարժան դարձաւ նաեւ` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ նախարարութեան շնորհակալագիրով պարգեւատրուելուս պատճառով, որուն համար այնչափ շնորհակալ եմ:

Այլ ցուցահանդէսներու մասնակցա՞ծ էք:

– Այդ առումով մեծ ուղի չեմ անցած: Աշխատանքերս ցուցադրուած են նաեւ Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնին մէջ (ՆՓԱԿ), ուր ալ Վագոն ծանօթացած էր աշխատանքներուս: Արտերկրի մէջ դեռեւս ցուցահանդէս չեմ ունեցած:

Այժմ խօսինք հայրենադարձութեան մասին: Հե՞շտ էր արդեօք միայնակ Հայաստան գալ եւ նոր կեանք սկսիլ:

– Միակ դժուարութիւնը մարդոց հետ սոցիալական շփման մէջ մտնելն էր, որ հասկնալի էր ինծի համար: Ի հարկէ, սկզբնական շրջանին Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերուն գրկաբաց չեն ընդունիր, քանի որ ծանօթութեան եւ վստահութեան եզրեր գտնելու համար ժամանակ  հարկաւոր է:

 Սակայն հոգեբանական այդ անցումը հեշտ յաղթահարեցի այն պատճառով, որ Իրանի հայկական համայնքին կողմէ միշտ ջերմութեամբ  շրջապատուած եղած եմ,  օտարութիւն չեմ զգացած:

Դեռ փոքր տարիքէս մեր գիտակցութեան մէջ սերմանած են, որ Հայաստանը համայն հայութեան օրրանն է, եւ որ Հայրենիքի մէջ մեզի կը սպասեն:

Եթէ առարկայական խօսինք, ապա կրնաք ըսել` հայրենադարձութենէն ստացած ամենամեծ ձեռքբերումը Ձեզի համար ի՞նչ  եղած է:

– Աւելի լաւ բացայայտեցի Հայաստանը, ճանչցայ մարդոց, հայաստանեան բարքերը, որոնք ալ ինծի օգնեցին հայ ըլլալու իրական արժէքը զգալու:

Սակայն ամենամեծ ձեռքբերումը այն է, որ հայրենադարձութեան շնորհիւ երջանկութիւնս գտայ, ընտանիք կազմեցի Հայաստանի մէջ:
Ամուսինս` Թոմը, անգլիացի է: Ան Հայաստան եկած է հեծանիւով կատարած արկածային ճամփորդութեամբ:

Անոր հանդիպած եմ Սուրբ Վալենթինի օրը` երեւանեան ակումբներէն մէկուն մէջ: Այդ օրը չէի ուզեր տունէն դուրս գալ, քանի որ յառաջիկայ քննութիւններուն  կը պատրաստուէի:

 Ընկերուհիիս յորդորներուն հետեւելով` համաձայնեցայ քիչ մը լիցքաթափուելու:

Մտերմանալով Թոմի հետ` ընկերական շրջապատ կազմեցինք եւ սկսանք զրուցել տարբեր թեմաներու շուրջ: Զրոյցի ընթացքին պարզեցի, որ ան քանի մը օր յետոյ Իրան  պիտի մեկնի եւ առաջարկեցի իմ օգնութիւնս` տալով ծնողներուս եւ ընկերներուս հեռախօսահամարները` անհրաժեշտութեան պարագային զանգահարելու համար: Սակայն Թոմը երթալը անընդհատ կը յետաձգէր, եւ պատճառն արդէն հասկնալի էր: Մեր սիրոյ պատմութիւնը ամուսնութեամբ  աւարտեցաւ:

Ինչպէ՞ս կը զգայ Թոմը   Հայաստանի մէջ, ի՞նչ կարծիք ունի հայ ժողովուրդին մասին:

– Շատ լաւ կը զգայ: Ան շատ երկիրներ  ճամփորդած է եւ կ’ըսէ, որ Հայաստան իրեն համար ամենաթանկ եւ սիրելի երկիրներուն կը պատկանի: Հիացած է Հայաստանի փարթամ բնութեամբ, սաղարթախիտ անտառներով, որոնք իրեն դրական ուժ եւ բարձր տրամադրութիւն կը հաղորդեն:

Ամուսինս  այստեղ զինք հետաքրքրող այնպիսի աշխատանք  գտած է, որ Հայաստանի համար զբօսաշրջային առումով կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ:

Այժմ ան ընկերներուն հետ միասին նախագիծի մը շուրջ կ’աշխատի, որ առաջին քայլարշաւի ճանապարհը պիտի ըլլայ բնութեան, սարերու մէջ եւ պիտի երկարի  Իրանի եւ Վրաստանի սահմանի երկայնքով: Այդ ճանապարհը յատուկ պէտք է համարակալուի եւ քարտէզագրուի: Այլ խօսքով` կը բացայայտեն եւ կը միացնեն Հայաստանի քայլարշաւային գողտրիկ արահետները:

Ան կը գնահատէ Հայաստանի հնարաւորութիւնները եւ կ’ըսէ, որ ատոնք ըստ արժանուոյն պէտք է օգտագործել:

Թոմը արդէն կիսով չափ հայերէն կը խօսի: Անոր այդ հարցով շատ կ’օգնէ աշխատանքի բերումով Հայաստանի գիւղերով եւ քաղաքներով շրջելու ժամանակ մարդոց հետ հաղորդակցիլը:

Զրուցեց Գէորգ  Չիչեան

Scroll Up