Ազգային Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գե­րաշ­նորհ Տէր Շա­հան Ս. Արք. Սար­գիս­եա­նին, նա­խա­գա­հու­թեամբ Հա­լէ­պի կըր­թա­կան տնօ­րէ­նին, ներ­կա­յու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազ­գա­յին Մար­մին­նե­րուն, Ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րուն եւ հան­դի­սա­տես­նե­րուն, Կի­րա­կի, 15 Մա­յիս 2016-ին, «Գ.Եսայ­եան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ազ­գա­յին Ման­կա­պար­տէ­զի ամա­վեր­ջի հան­դէ­սը:

Հան­դի­սու­թիւնը սկիզբ առաւ Սուր­իոյ եւ ՀՀ զոյգ քայ­լերգ­նե­րով, ապա բե­մին վրայ շող­շո­ղա­ցին յի­սու­նե­րեք շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը, որոնք խն­դութ­եամբ, թա­փով ու եռան­դով յոյս ներշն­չե­ցին ներ­կա­նե­րուն: Աշա­կերտ­նե­րը փունջ մը հայ­րե­նա­սի­րա­կան, ազ­գա­յին եւ այլ եր­գե­րով խան­դա­վառ մըթ­նո­լորտ ստեղ­ծե­ցին սրա­հին մէջ: Հան­դի­սա­տես­նե­րը մի­աս­նա­բար վա­յե­լե­ցին ծաղ­կա­ւէտ բու­րաս­տա­նէն բու­րող մէյ մէկ ծա­ղի­կի բոյրն ու գոյ­նը:

Ազ­գա­յին Ման­կա­պար­տէ­զի տնօ­րէ­նու­հի Թա­գի Քէ­հէ­եան-Տող­րա­մաճ­եան ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նե­լէ ետք ըսաւ. «Հա­սա­րա­կու­թիւնը դա­րե­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծած է նիւ­թա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­ներ, որոնց շար­քին իր ու­րոյն տե­ղը կը գրա­ւէ ազ­գի ապա­գան բնո­րո­շող ազ­գա­յին դպ­րոցն ու ման­կա­վար­ժու­թիւնը: Առանձ­նա­յա­տուկ մաս­նա­գի­տու­թիւն է ման­կա­վար­ժու­թիւնը, որ ան­տե­սա­նե­լի, նուրբ ու գերզ­գա­յուն տար­րե­րով կը կա­պէ ու­սու­ցի­չը աշա­կերտ­նե­րուն: Ան է, որ կը ձե­ւա­ւո­րէ ապա­գայ պի­տա­նի մար­դը, տի­պար քա­ղա­քա­ցին եւ փոր­ձա­ռու ազ­գա­յի­նը: Ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնը ընդգ­ծող ազ­գա­յին ման­կա­պար­տէզ­նե­րու եւ դըպ­րոց­նե­րու դե­րը մեծ եղած է ողջ Սփիւռ­քի տա­րած­քին, յատ­կա­պէս յե­տե­ղեռն­եան շր­ջա­նին: Օր­ուան ազ­գա­յին­նե­րուն վս­տահ­ուած էր, ոչ միայն հա­յա­պահ­պան­ման գոր­ծը յա­ռաջ տա­նիլ, այլ քայլ պա­հել տե­ղայ­նա­կան պայ­ման­նե­րուն եւ ազ­գա­յին ծրա­գիր­նե­րը հա­մա­տե­ղել տե­ղա­կան պա­հանջք­նե­րուն: Հա­կա­ռակ Սուր­իոյ տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող տագ­նա­պին, Ազ­գա­յին Ման­կա­պար­տէ­զը, Ազ­գա­յին վար­ժա­րան­ներն ու Ազ­գ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նը եւ այլ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ կը շա­րու­նա­կեն իրենց սր­բա­զան առա­քե­լու­թիւնը ի գին մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու եւ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու, հա­ւա­տա­լով, որ խա­ղա­ղու­թեան լոյ­սը վաղ թէ ուշ պի­տի շող­շո­ղայ Սուր­իոյ երկ­նա­կա­մա­րին վրայ»:

Փոք­րիկ­նե­րը երեք տա­րի­ներ առաջ դող­դոջ քայ­լե­րով, իրենց ծնող­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ուղղ­ուե­ցան ման­կա­պար­տէզ: Երեք տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող աշ­խա­տան­քի ար­գա­սիքն էր հան­դէ­սը: Անոնք ար­դէն պատ­րաստ էին թե­ւա­կո­խե­լու նոր հանգր­ուան մը ու խրոխտ քայ­լե­րով եւ հաս­տա­տա­կամ նայ­ուածք­նե­րով բեմ բարձ­րա­ցան ներ­կա­յաց­նե­լու իրենց վս­տահ­ուած յայ­տա­գի­րը: 2005-2006 տա­րեշր­ջա­նէն սկս­եալ աւան­դու­թիւն դար­ձած է, որ­պէս հան­դէ­սի նիւթ` ներ­կա­յաց­նել Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի հռ­չա­կա­գի­րը: Ուս­տի փոք­րիկ­նե­րը անդ­րա­դար­ձան 2015-2016 տա­րեշր­ջա­նին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ հռ­չակ­ուած «Ծա­ռա­յու­թեան Տար­ուան», ապա նա­եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան մեր եր­թի խոր­քին ու կա­րե­ւո­րութ­եան, եւ վեր­ջա­պէս հայ­րե­նա­սի­րա­կան ջերմ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով իրենց զօ­րակ­ցու­թիւնը յայտ­նե­ցին Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քին, Մայր Հա­յաս­տա­նին եւ Ար­ցա­խին:

Հան­դի­սա­կան այս­պի­սի օրե­րուն մեր աչ­քին առջեւ կ՛ու­րուագծ­ուին իւ­րա­քան­չիւ­րիս ման­կա­կան յու­շե­րը, որոնք նոր կեանք կ՛առ­նեն ու կը յու­շեն մե­զի աշ­խար­հին ու կեան­քին նա­յիլ ման­կան մա­քուր աչ­քե­րով` թօ­թա­փե­լով մեր բո­լոր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը:

Արդ, փոք­րիկ շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը հայ­կա­կան, արա­բա­կան պա­րե­րով գու­նա­ւո­րե­ցին բե­մա­հար­թա­կը տու­եալ պա­րին հա­մա­պա­տաս­խան տա­րազ­նե­րով եւ ներ­դաշ­նակ շար­ժու­ձե­ւե­րով:

Հան­դի­սու­թեան աւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ վկա­յա­կա­նաց բաշ­խում սր­բա­զան հօր ձե­ռամբ: Փոք­րիկ շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը հայ­կա­կան այս եր­դի­քին տակ հա­սակ առ­նե­լով վկայ­ուե­ցան ու դար­ձան պաշտ­պան­նե­րը մայ­րե­նի լեզ­ուին:

Հուսկ, սր­բա­զան հայ­րը գնա­հա­տա­կան խօսք ուղ­ղեց տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կազ­մին եւ բո­լոր անոնց, որոնք ներդ­րու­մ ունեցան սոյն հան­դի­սու­թեան յա­ջո­ղու­թեան մէջ: Սր­բա­զան հայ­րը ըսաւ. «Այս փոք­րիկ­նե­րը երեք տար­ուան ըն­թաց­քին Ազ­գա­յին Ման­կա­պար­տէ­զէն ներս սոր­վե­ցան եր­գել, ար­տա­սա­նել շքեղ կեր­պով եւ լա­ւա­գոյն ձե­ւով դր­սե­ւո­րել իրենց սոր­ված­նե­րը, դաստ­ի­ա­րակ­ուե­ցան ազ­գա­յին ապ­րու­մով, սուր­ի­ա­ցի քա­ղա­քացիի գի­տակ­ցու­թեամբ եւ մեր բո­լո­րին վկա­յե­ցին, որ իրենք փոքր չեն այ­լեւս»: Շա­րու­նա­կե­լով Տ. Շա­հան ըսաւ. «Անոնք ձեր եւ մեր յոյսն են, իսկ դուք Ազ­գա­յին Ման­կա­պար­տէ­զը, տնօ­րէ­նու­թիւնը, պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ազ­գա­յին մար­մին­նե­րը, դաստ­ի­ա­րակ­ներն ու ու­սուց­չա­կազ­մը անոնց լոյսն էք, բո­լո­րիս լոյ­սը մեր տէր Աստ­ուածն է»: Ապա ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը, որոնք վս­տա­հու­թեամբ իրենց զա­ւակ­նե­րը առաջ­նոր­դե­ցին դէ­պի Ազ­գա­յին Ման­կա­պար­տէզ, որ կա­րո­ղա­ցաւ պա­տե­րազ­մին, տագ­նա­պին ու զա­նա­զան տն­տե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ այլ վե­րի­վայ­րում­նե­րով հաս­տա­տա­քայլ ըն­թա­նալ այն ճա­նա­պար­հին մէջ, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի երազ­նե­րու իրա­կա­նաց­ման, Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի, ազատ ան­կախ մի­աց­եալ Հայ­րե­նի­քի, Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի ազա­տու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան տա­նող ճա­նա­պարհն է:

Սր­բա­զան հայ­րը «Պահ­պա­նիչ»ով փա­կեց հան­դի­սու­թիւնը:

Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան

Գանձասար

Scroll Up