ՀԲԸՄ –ՀԵԸ-ի Կազմակերպութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Հրապարակային Քննարկում

Երեքշաբթի,  10 Մայիս 2016, երեկոյեան ժամը   7.30-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արաքճիի հովանաւորութեամբ՝  Հայոց Ցեղասպանութիւն – Պատմութիւն եւ Մարդկային Իրաւունք խորագիրի տակ, հրապարակային քննարկում մը  տեղի ունեցաւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի, Ֆրանսուա Պասիլ  սրահին մէջ:

  Քննարկումին ներկայ գտնուեցան  մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արաքչի, ուժանիւթի նախարար Արթիւր Նազարեան, Լիբանանի մօտ  Հայաստանի  դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան անդամներ, ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, մտաւորականներ, մամլոյ  եւ լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներ, միութենականներ  եւ  պատկառելի   թիւով  ազատ ունկնդիրներ:

  Գնահատելի սոյն միջոցառումին բացման խօսքը  արտասանեց  մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արաքչի (նշենք, թէ բոլոր խօսքերը փոխանցուեցան  անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Իսկ  ներկաները, ընկալուչներու օգնութեամբ, տեղւոյն վրայ թարգմանութեամբ հետեւեցան քննարկումներուն):

   Մեծարգոյ  նախարարը դիտել տուաւ,թէ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ցաւը  արդարօրէն վառ կը պահէ իր յիշողութեան մէջ, որովհետեւ յանցագործը առ այսօր կը մնայ անպատիժ: «Թուրքիա մինչեւ օրս կը ժխտէ պատմական ճշմարտութիւնները եւ մեղմացուցիչ  պատճառաբանութիւններ կը փնտռէ: Ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար մեղմացուցիչ պարագաներ: Պատճառաբանութիւններ  որոնելու փոխարէն, նախընտրելի պիտի  ըլլար, որ Թուրքիա  ստանձնէր իր յանցագործութեան պատասխանատուութիւնը:  Հրեաներու  դէմ, նացիներու յանցագործութիւններուն  համար Գերմանիոյ ներողամտութիւնը, կրնայ  լաւ օրինակ ծառայել Թուրքիոյ այսօրուան ղեկավարներուն:  Լիբանան՝ 2000 թուականին, ինչպէս նաեւ   այլ պետութիւններ, դատապարտած եւ  ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը». շեշտեց  նախարար Արաքչի: Ան  արժեւորեց  համաշխարհային պատմութեան եւ մշակոյթի մէջ հայ ժողովուրդի  դերակատարութիւնը, միաժամանակ  իր  համերաշխութիւնը յայտնեց  հայ ժողովուրդի  արդար պահանջներուն:

  Հայոց Ցեղասպանութիւնը  մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէն դիտելով, նախարարը  միջազգային  ընտանիքէն  պահանջեց պատժել յանցագործը,  եւ կրկնեց,թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը   համայն  մարդկութեան դէմ գործուած  ոճիր մըն է:

   Հաղորդավար  Սամիր Նատէր ներկայացուց  օրուան առաջին բանախօսը՝   Ֆրանսայէն  ժամանած, ծանօթ  պատմաբան, Հենրի  Լորանսը: Ֆրանսացի  պատմաբանը վերլուծեց Հայոց Ցեղասպանութեան  պատասխանատուութենէն խուսափելու   պատճառները: Լորանս, ըսաւ թէ 18 եւ  19-րդ դարերուն, բազմաթիւ   թագաւորութիւններ, իշխանատենչութեան եւ կամ այլ պատճառներէ դրդուած, կը  կոտորէին թշնամի պետութիւններու  բանակներ: Անոնք  չէին  գնահատեր  իրենց վայրագութիւններուն տարողութիւնը եւ  հակառակ այն իրողութեան, որ նախապէս  ծրագրաւորած չէին այդ  կոտորածները, պատմութիւնը զանոնք  կը դատապարտէ  իբրեւ  յանցագործներ: «Այլ էր  պարագան, երբ կանխամտածուած ոճիր գործէին, ինչպէս՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը». ըսաւ Լորանս:  Ան, համառօտակի  ներկայացուց հայկական կոտորածներու նախօրէին  հայ  ժողովուրդին կրած   տառապանքները, հայ ժողովուրդի   կենցաղային նուազագոյն  իրաւունքներուն հանդէպ  սուլթաններու  հետեւողական   բռնութիւնները:  Լորանս  նշեց, թէ  Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը այնքան  խօսուն եւ սպառիչ են պատմութեան հետեւող  պատմաբաններուն համար, որ  ժխտումի  պատճառաբանութիւնները  ծիծաղելի կը թուին  ըլլալ, նոյնիսկ  Թուրքիայէն  դուրս ապրող  թուրք  մտաւորականութեան:  Լորանս ընդգծեց, թէ  ֆրանսացի ժողովուրդին  եւ պատմաբաններուն  համար  միանգամայն  յստակ է ցեղասպանութեան փաստը: « Բոլորովին անիմաստ են  Հայոց Ցեղասպանութիւնը  հաստատելու նպատակով պատմաբաններու   յանձնախումբ կազմելու  Թուրքիոյ առարկութիւնները». շեշտեց Լորանս:

  Իր խօսքի աւարտին, Լորանս նշեց, թէ 20-րդ դարու սկիզբը, երբ տակաւին  չէր ստեղծուած ցեղասպաութիւն եզրը,  արեւմտեան պետութիւնները ամենածանր  բառերով դատապարտած են  հայ   ժողովուրդին  դէմ կատարուած վայրագութիւնները: Այդ  սահմանումները հոմանիշ կրնան  ծառայել Ցեղասպանութեան: Լորանս ըսաւ, թէ պատմութիւնը  չի  ճանչնար  տարբերակներ.  Ֆրանսական,  հայկական կամ՝  թրքական  տարբերակ: Պատմութիւնը ունի յստակ   լեզու եւ գնահատական՝ հայ  ժողովուրդին դէմ  կատարուածը, կազմակերպուած ցեղասպանութիւն էր:

  Երկրորդ  խօսք առնողը եղաւ խաղաղութիւն  եւ իրաւանց  ծրագիրներու  տնօրէն, Գոլոմպիա  համալսարանի   մարդկային իրաւանց բաժնի  դասախօս,  աշխարհաքաղաքական գիրքերու   եւ  հարիւրաւոր յօդուածներու  հեղինակ Տէյվիտ Ֆիլիփսը:  Ամերիկացի դասախօսը կեդրոնացաւ հայ-թրքական   փոխյարաբերութիւնները բնականոնացնելու  ճիգերուն մէջ  իր  դերակատարութեան: Ֆիլիփս  նշեց թէ  Մ. Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը  զինք  լիազօրած է աշխատելու հայ-թրքական  փոխյարաբերութիւնները  բնականոնացնելու ուղղութեամբ: Ան անմիջապէս նկատած է  երկու  կողմերուն միջեւ  տիրող  հակասութիւնները, այսուհանդերձ,  փորձած   է  ընդհանուր  եզրեր   գտնել կողմերուն  միջեւ:  Այդ  աշխատանքներուն արգասիքը դարձած է  Հայ-Թրքական Փոխյարաբերութիւններու Բնականոնացման   Յանձնախումբը ( TARC): Ապա,  ան խօսեցաւ սոյն  յանձնախումբի  հանդիպումներուն  ընթացքին կողմերուն միջեւ  յառաջացած վէճերուն, սառցահալ  կատարելու համար դիմած քայլերուն, փոխադարձ վստահութիւն վերականգնելու  ճիգերուն:  Ֆիլիփս  նկարագրեց  Ժընեւի  մէջ  հայ-թրքական փրոթոքոլներու բանակցութեանց  օրերուն, քուլիսներու ետին բանակցութիւնները եւ  Թուրքիոյ վերագրեց   փրոթոքոլներու   գործադրութեան ձախողութիւնը: Խոստովանելով հանդերձ, որ  հայ-թրքական  բանակցութիւնները   մատնուեցան  ձախողութեան, ան մաղթեց,վերսկսած տեսնել բանակցութիւններու  գործընթացը: Ֆիլիփս, դատապարտեց  Թուրքիոյ  ուրացման քաղաքականութիւնը եւ դատապարտեց  Էրտողանի ամբողջատիրական նկրտումները:

  Յաջորդ  խօսք առնողը եղաւ  լիբանանահայ  հանրածանօթ պատմաբան,  գիրքերու  հեղինակ, մտաւորական, կրթական  մշակ դոկտ. Զաւէն  Մըսըրլեանը:  Յարգելի  դոկտորը  բացատրեց   Հայոց Ցեղասպանութեան  միջազգային ճանաչման  անհրաժեշտութիւնը:  Ան   համառօտակի նկարագրեց նախաեղեռնեան  ժամանակաշրջանը,  ընդհուպ՝   8 Փետրուար  1914-ը, ուր  մեծ  պետութիւններու ճնշման տակ,  Սուլթանը խոստացաւ բարեկարգութիւններ իրականացնել   հայկական նահանգներուն մէջ:  Արեւմտեան Հայաստան  պիտի ստանար  մասնակի ինքնավարութիւն:

   Ապա, ապացոյցներով  վերահաստատեց, կոտորածներուն եւ տեղահանութիւններուն նախապէս  ծրագրաւորուած ըլլալու խորքը:   Դոկտ.  Մըսըրլեան մերժեց  Ցեղասպանութեան  ժամանցելիութեան  մասին վարկածները,  մէջբերելով   հատուածներ  Ազգերու Լիկայի  1948-ի Ուխտէն:  Լեմքին՝ ցեղասպանութիւն եզրը  հիմնաւորելու նախատիպ ընդունած էր Հայոց   դէմ կատարուած  ոճիրները, որոնք  1915-ին, Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա գնահատեցին  իբրեւ մարդկութեան դէմ  ոճիր: Ան ողջունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը   ճանչնալու  թուրք մտաւորականութեան  կեցուածքը: Դոկտ. Մըսըրլեան  դիտել  տուաւ, որ հայ ժողովուրդին  ողբերգութիւնը  լիուլի կ’ամբողջացնէ   Ցեղասպանութեան Ուխտին  ենթապայմանները:  Ան յիշատակեց Երիտթուրքերու ղեկավարութիւնը  դատելու նպատակով  ստեղծուած   զինուորական ատեանը, որ   ինքնին ապացոյց է  ցեղասպանութեան:« Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործները պատժելով  պիտի  կանխուին այլ   ցեղասպանութիւններ» ընդգծեց ան:  Այս առիթով, դոկտ. Մըսըրլեան  խիստ կարեւոր   գնահատեց   Թուրքիոյ  իշխանութիւններուն դէմ  ուղղուած  Դաշնակիցներու  վերոյիշեալ  ազդարարագիրը, որ  հետագային նախընթաց  դարձած է  Թոքիոյի եւ  Նիւրենպերկի  ուխտերուն եւ  օգտագործուած  ՄԱԿ-ի  մօտ  քննարկումներուն: Սակայն  յատուկ  նպատակներով գաղտնի պահուած  է ՄԱԿ-ի արխիւներուն մէջ եւ   շնորհիւ իր հետապնդումներուն բացայայտուած  եւ դարձած է   հանրութեան  սեփականութիւնը:

  Չորրորդ եւ  վերջին զեկուցողը եղաւ Մարդկային  Իրաւանց Պաշտպանութիւն կազմակերպութեան (MoHR) Լիբանանի նախագահ Ռէյնա Սարգիս:  Ան ,մարդկային  իրաւանց տեսանկիւնէն քննարկեց  Հայոց Ցեղասպանութիւնը: « Ցեղասպանութեան  ժառանգորդներուն մօտ  հաւաքական  յիշողութիւնը  վառ պիտի  մնայ մինչեւ  ճանաչումը, հատուցումը». ըսաւ Ռէյնա Սարգիս, աւելցնելով, թէ յանցագործութեան  ժխտումը,  հոգեբանականօրէն   հարցականի տակ կը դնէ  զոհին գոյութիւնը:  Ան նաեւ   վկայութիւններ  ընթերցեց,  ցեղասպանութենէն  վերապրողներու հետ հոգեբաններու  փորձառութենէն:  Ռէյնա Սարգիս  զարմանք  յայտնեց, որ թուրք պետականութիւնը  տակաւին  ոչ մէկ  ճիգ կը բանեցնէ  ըմբռնելու հայ  ժողովուրդին  ողբերգութիւնը:

 Բանախօսներու  ելոյթներէն ետք, բանախօսները   պատասխանեցին   իրենց ուղղուած հարցումներուն:

   Քննարկումներու աւարտին,հաղորդավար դոկտ.  Սամի  Նատէր   շնորհակալութիւն յայտնեց  բոլոր   խօսք առնողներուն եւ մասնակիցներուն:

                                                                                                     ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Scroll Up