Յաջողութիւն Քեզ, Իւեթա.Պելճիգահայերը Կը Սատարեն Իւեթա Մուկուչեանին

«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` Պելճիգայի «Նուարդ»  մշակութային միութեան երիտասարդական կառոյցի ղեկավար Շահնուր Մինասեան միութեան քաջալերանքի խօսքը կը յղէ «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստան ներկայացնող Իւեթա Մուկուչեանին:

«Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս Սփիւռքի բոլոր համայնքները պիտի հետեւին «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին, ուր այս տարի Հայաստան պիտի ներկայացնէ Իւեթա Մուկուչեանը:

Պելճիգայի մէջ գործող «Նուարդ» հայկական մշակութային միութեան անունէն մեր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք երգչուհիին եւ յաջողութիւն կը մաղթենք:

Բոլոր հնարաւոր տարբերակներով պիտի աջակցինք անոր քուէարկութեան հարցին մէջ, որպէսզի միահամուռ ուժերով յաղթանակի հասնինք:

Վստահ ենք, որ սիրելի երգչուհին արժանավայել կը ներկայացնէ Հայաստանը եւ հպարտութեան պահեր կը պարգեւէ մեզի: Յուսանք` յաջորդ եւրոտեսիլեան  երկիրը Հայաստանը կ’ըլլայ: Յաջողութիւն քեզ, Իւեթա:

Աւելցնենք, որ  «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլին մեր երգչուհին հանդէս պիտի գայ 07 համարի ներքոյ  «LoveWave» երգով: Ծրագիրը պիտի ցուցադրուի  Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան ուղիղ եթերով` այսօր, ժամը 23:00-ին:

Scroll Up