«Հայաստան» Հիմնադրամի Ֆրանսայի Մարմինը Շտապօգնութեան Երկու Մեքենայ Նուիրաբերած Է Արցախին

«Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը շտապօգնութեան երկու մեքենայ (Ուազ)  նուիրաբերած է Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարարութեան:

Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը  տեղեկացնեն հիմնադրամէն:

«Ֆրանսահայ համայնքը պատրաստ է նեցուկ ըլլալու Արցախին, եւ այդ նպատակով որոշած ենք հոգալ երկրի առջեւ ծառացած հրատապ խնդիրները: Այս պահուն աշխատանքներ կը տանինք մեծ քանակով անհրաժեշտ դեղորայք Արցախ ներմուծելու ուղղութեամբ: Կը նախատեսենք նաեւ վերականգնել վնասուած ենթակառուցուածքները»,- կը նշէ Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ Պետրոս Թերզեան:

Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան եւ Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ Պետրոս Թերզեան օրերս աշխատանքային այցով գտնուած են Արցախի մէջ` ծանօթանալու երկրի առողջապահութեան ոլորտի առաջնային խնդիրներուն: Այցի ծիրէն ներս հանդիպումներ ունեցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին եւ վարչապետին հետ:

Նախապէս` Ապրիլ 4-ին, Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի գրասենեակը հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ` ըստ որուն 100 000 եւրօ կը յատկացնէր Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծի երկայնքով սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով ծանր իրավիճակի մէջ յայտնուած բնակչութեան կարիքներուն:

Scroll Up