Շնորհակալութիւ՛ն, Ախոյեան, Որ Կը Շարունակես Բարձրացնել Հայաստանի Դրօշը

Հայուհիները սխրանքներ  գործած են բոլոր ժամանակներու մէջ` պատերազմներու եւ խաղաղութեան օրերուն: Անոնց  անօրինակ սխրանքը առաջին հերթին ընտանիքի պահապան հրեշտակը ըլլալն է, անմնացորդ նուիրումը երեխաներուն ու  ամուսնուն, հարազատներուն: Իսկ թէ  ինչպիսի անձնազոհութիւններու գացած են Հայրենիքի համար, կ’արտացոլեն   մեր պատմութեան  էջերը, ուր  ոսկեդրոշմով յաւերժացած են շատ խիզախ հայուհիներու անուններ:

Հայրենիքին մատուցած  ծառայութիւնները հէնց այնպէս չեն անցնիր. հայ ժողովուրդը միշտ ալ գնահատած, արժեւորած է այդօրինակ սխրանքները եւ իր սրտի ու յիշողութեան մատեանին մէջ երկաթագիրներով  ամրագրած ատոնք: Մեր օրերուն  շատ հայուհիներ   տարբեր ոլորտներու  մէջ  հերոսներ կը դառնան գիտական արտասովոր ձեռքբերումներով, աշխարհի մակարդակով ունեցած  բարձրարժէք  նուաճումներով: Այսօր մարմնակրթութեան, մասնաւորապէս ` ծանրամարտի  գիծով, հպարտանալու առիթներ շատ ունինք. Հայաստանի  ծանրամարտի կանանց հաւաքականի ծանրամարտուհիներ Նազիկ Աւդալեանն ու Հռիփսիմէ Խուրշուդեանը աշխարհի եւ Եւրոպայի  մրցումներուն  կրցան բարձր պահել Հայաստանի  պատիւն ու  գերազանց յաղթանակները նուիրել Արցախի մէջ կռուող, մեր սահմանները պահող զինուորներուն: Ընդամէնը 29-ամեայ մարզուհին` Նազիկ Աւդալեան, քանիցս հասցուցած է նուաճել ծանրամարտի Եւրոպայի ու աշխարհի ախոյեաններու  կոչումները, Հայաստան բերած արծաթէ ու ոսկէ մետալներ: 2016-ին Նորվեկիոյ  ֆեորտէ քաղաքին մէջ կայացած Եւրոպայի մրցումներուն  <<պոկում>> մօտեցումով Նազիկը 105 քկ- ով դարձաւ փոքր արծաթէ մետալակիր, իսկ <<հրումով>>`132 քկ եւ երկամարտին` 237 քկ` նուաճելով Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը:

Ապրիլեան պատերազմական  լարուած օրերուն, երբ համայն հայութիւնը մէկ բռունցք  դարձած էր, մեր մարզիկներն ալ  մարզական աշխարհի մէջ փայլուն կատարեցին իրենց  գործը. հայրենասիրութիւնը նաեւ այս դրսեւորումը ունի, եւ այն ամէնը, ինչ կըլլայ Հայաստան անուան եւ Հայաստանի  դրօշի ներքոյ, կըլլայ յանուն Հայրենիքի,  եւ այդ մարդիկ կը կոչուին   Հայրենիքի զինուորներ, Հայրենիքի պաշտպաններ:  Անոնցմէ մէկն է Նազիկ  Աւդալեան` արտաքուստ եւ ներքուստ առիւծածին, ուժեղ, սակայն նոյնքան կանացի եւ փխրուն մեր հմայիչ  հայուհին,  որուն  հետ ծաւալած իմ զրոյցին ընթացքին բացայայտուեցաւ  նաեւ անոր մարդկային հրաշալի էութիւնն ու  հայուհիի  կերպարը:

Նազիկ,  եթէ չդառնայիր ծանրամարտիկ, ուրիշ ի՞նչ մասնագիտութիւն կ’ընտրէիր. մեզմէ  իւրաքանչիւրն իր մանկութեան, դպրոցական տարիներուն փայփայած երազանք կ’ունենայ, ինչ- որ մասնագէտ դառնալու ցանկութիւն, ի՞նչ եղած է Նազիկ Աւդալեանի երազանքը:

-Ես շատոնց սկսած եմ զբաղիլ այս մարզաձեւով, սակայն , այո՛, ես ալ փոքր  տարիքէս կ’երազէի դառնալ տիեզերագնաց, տարուած էի հաղորդավարուհի դառնալու մտքով:

Ծնողներդ, ըլլալով աւանդապաշտ գիւմրեցիներ, երբեւէ  չե՞ն խոչընդոտած ծանրամարտով զբաղուելու ցանկութեանդ:

-Իրաւ՛ է, գիւմրեցիները շատ աւանդապաշտ են, եւ մայրս դէմ էր, որ  իր աղջիկը զբաղի ծանրամարտով: Այդ հարցով ան հօրս աջակցութիւնը կ’ակնկալէր, սակայն հայրս իմ կողմէս էր:

Նազիկ, որո՞ւն  կը համարես քեզի արժանի մրցակից, ո՞ր երկիրներու հաւաքականները  քու կարծիքովդ ուժեղագոյններու ցուցակին մէջ են:

-69 քկ . քաշայիններու կարգին չունիմ մրցակիցներ: Ինչ կը վերաբերի հաւաքականններուն, ուժեղագոյններու կազմին մէջ  ինծի համար Չինաստանի, ՌԴ-ի, Պելառուսի հաւաքականններն են:

Ամուսինդ դէմ չէ՞, որ շարունակես մարզումները  կնոջ,  ընտանիքի մօր համար ծանր մարզաձեւով:

-Մէջքիս վնասուածքէն յետոյ դէմ էր եւ կ’ըսէր` եթէ առողջութիւնդ վտանգուած չէ, կրնաս շարունակել:

Ամուսինդ ի՞նչ մասնագիտութիւն ունի:

-Ամուսինս` Էրիկ Կարապետեանը,  կը մասնագիտանայ իրաւաբանութեան մէջ:Արցախի մէջ սկսած պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ  կամաւոր հիմունքներով գնաց Արցախ` մեր զինուորներուն կողքին կանգնելու,  կարճ  ժամանակով մը վերադարձած է  այնտեղէն (կարօտցած էր մեր բալիկին) եւ կրկին պիտի երթայ:

Սիրելի՛ Նազիկ Աւդալեան, եթէ դարձեալ ծնէիր, կ’ընտրէի՞ր արդեօք նոյն մասնագիտութիւնը:

-Այո՛, կ’ընտրէի նոյն մասնագիտութիւնը. իմ տեղս ծանրամարտի մէջ է:

Շնորհակալութիւ՛ն ախոյեան, հետաքրքիր ու անկեղծ հարցազրոյցին համար, շնորհակալութիւն, որ միջազգային հարթակներու վրայ միշտ բարձր  պահած ես  հայու ու հայրենիքի պատիւը եւ կը շարունակես  բարձրացնել Հայաստանի  դրօշը:

 Կարինէ Աւագեան

12 3 4

Scroll Up