Պուէնոս Այրէսի Օրէնսդիր Մարմինը Կը Յիշատակէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հաւատարիմ մնալով «Կը  յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսին` Պուէնոս Այրէս քաղաքի օրէնսդիր մարմինը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի յիշատակի ծրագիրը: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօր»-ի` կը յայտնէ Prensa Armenia գործակալութիւնը:

Ծրագիրը խորհրդարան  ներկայացուած է ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութեան կողմէ` համահեղինակութեամբ պատգամաւորներ Ժոզէ Գամփակնոլիի, Խաւիէր Անտրատէի, Անտրեայ Գոնտէի եւ Փաուլա Փենագայի:

«Մենք համոզուած ենք, որ ճանապարհը դէպի արդարութիւն կ’անցնի յիշողութեան, ճշմարտութեան եւ փոխհատուցման միջով», ըսած է Ժոզէ Գամփակնոլին:

«Այս յայտարարութիւնը պաշտօնական փաստաթուղթ չէ, բայց այն ցոյց կու տայ քաղաքական ուժերու վերաբերմունքը հայ համայնքին եւ Հայ դատին `գործով եւ խօսքով», – ըսած է Պուէնոս Այրէսի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Նիքոլա Սապունչույեանը:

Նշենք, որ Պուէնոս Այրէսի մէջ վաղը` Ապրիլ 23-ին, տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի յիշատակի ձեռնարկ, իսկ Ապրիլ 25-ին երիտասարդները բողոքի հանրահաւաք կ’իրականացնեն` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ ի պաշտպանութիւն Արցախի խաղաղութեան:

Scroll Up