Մոսկուայի ՄԷջ Բարեգործական Աճուրդի Ժամանակ Մէկ Միլիոն 200.000 Ռուպլի Հաւաքուած Է Արցախի Համար
Ապրիլ 13-ին Մոսկուայի «Gayane’s» հայկական ճաշարանին մէջ բարեգործական երեկոյ տեղի ունեցած է, որուն ճաշարանի տիրուհի` Գայեանէ Պրէիովայի հրաւէրով բազմաթիւ հայեր կը մասնակցէին: Խորհրդանշական աճուրդին ընթացքին, որ տեւեց 4 ժամ, Արցախին օգնելու համար հաւաքուած է 1 միլիոն 200.000 ռուպլի գումար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը` յղում կատարելով կազմակերպիչներու ֆէյսպուքեան էջէն:
Ի դէպ, երեկոյին կը մասնակցէին նաեւ բազմաթիւ մոսկուաբնակ հայ յայտնիներ` երգիչներ, ձեւաւորողներ, որոնք նոյնպէս իրենց ներդրումը ունեցան ընդհանուր գործին մէջ: