Ջաւախահայերու Նուէրը Արցախին

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Ապրիլ 16-ին ընդունած է ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Վիրահայերու միասնութիւն» ՀԿ համանախագահ Տաճատ Վարդապետեանը:

ԱՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի փոխանցմամբ` վարչապետը նշած է, որ բացի Մայր Հայաստանէն այս օրերուն բազմաթիւ արձագանքներ  ստացուած են Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներէ, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը յայտնած են Արցախին:  Ա. Յարութիւնեան կարեւոր համարած է ազգային համախմբուածութեան եւ Արցախի անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ Ջաւախքի եւ  ջաւախահայութեան ունեցած ներդրումը: Ան շնորհակալութիւն  յայտնած է Տաճատ Վարդապետեանին` Արցախի հետ ջաւախահայութեան կապի ամրապնդման գործին մէջ ունեցած  աշխոյժ դերակատարութեան համար:

ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Վիրահայերու միասնութիւն» ՀԿ համանախագահ Տաճատ Վարդապետեան նշած է, որ ապրիլեան առաջին իսկ օրերուն հանդէս  եկած է Արցախին սատար կանգնելու կոչով, որուն անմիջապէս արձագանքած են Ռուսաստանի Դաշնութիւն ապրող խումբ մը ջաւախահայեր, որոնց շնորհիւ զոհուածներու ընտանիքներուն զօրակցելու համար հանգանակուած է շուրջ չորս միլիոն ռուպլի:  ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ բացուած յատուկ հաշուեհամարին միջոցով մէկ միլիոնը պիտի փոխանցուի Արցախ ապրող զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն: Հանդիպման Տ. Վարդապետեան տեղեկացուցած է  ՌԴ Իրքուտսք քաղաքին մէջ բնակող, ծնունդով` Ջաւախքէն, Արթուր Գասպարեանի եւ Իրքուտսքի մարզի Նիժնէուտինսք քաղաքի 35 հայ ընտանիքներու միջոցներով Պաշտպանութեան բանակին համար ձեռք բերուած «Վազ» մակնիշի երկու շտապօգնութեան մեքենաներուն մասին:

Հանդիպումէն անմիջապէս ետք  Տաճատ Վարդապետեան «Վազ» մակնիշի երկու շտապօգնութեան մեքենաներու բանալիները անձամբ յանձնած է ԼՂՀ ՊԲ ներկայացուցիչին:

 

Scroll Up