ՌԴ Արմաւիր Քաղաքի Հայ Համայնքի Օգնութիւնը Արցախին

Ապրիլ 28-ին, Մարտակերտ էին ՌԴ Գրասնոտարի մարզի Արմաւիր քաղաքի Հայ համայնքին կողմէ ուղղարկուած շտապօգնութեան մեքենաները` բեռնուած բանակին անհրաժեշտ ժամանակակից «իրերով», որոնք Մարտակերտ  բերած էին, հայ համայնքի անդամներ ռուսաստանաբնակ մարտակերտցի Սարգիս Հայրապետեանը, մեր հայրենակիցներ Կարէն Ջահունցը եւ Ալեքսէյ Մեսրոպեանը: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ կը գրէ Մարտակերտի շրջանի Ջրաբերդ պաշտօնաթերթը:

Անոնք շտապօգնութեան մեքենաները բերած էին 3 զօրամասերու` «Եղնիկներ»-, Մատաղիսի եւ Մարտակերտի համար, որոնք անմիջապէս ուղեւորուեցան զօրամասեր:
Ողջունելի է անոնց քայլը, հայրենանուէր քայլը: Շնորհակալութիւն մեր հայրենակիցներուն…

մարտակերտ2 մարտակերտ3

Scroll Up