Հալէպի կամաւորները. կամաւոր ծառայութիւնը կ՛ամրապնդէ մեր դիմադրական ոգին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/կամավոր.jpg)
Հալէպի պատերազմական թէժ պայմաններուն մէջ, իգական սեռը իր դրական ներդրումը կ՛ունենայ տարբեր մակարդակներու վրայ:
Հալէպահայ Թալին Մինասեան կը շեշտէ կնոջ դերակատարութեան կարեւորութիւնը` յատկապէս բարեսիրական աշխատանքներու մասնակցութեամբ, յոյս ու կորով ներշնչելու Հալէպի տագնապահար ժողովուրդին:
Թալին եւ իր ընտանիքը կը բնակին – Հալէպի աղէտեալ գօտի յայտարարուած – Նոր Գիւղ շրջանի «Կիլիկիա» շէնքը: Անոնք երբեք չեն լքած իրենց բնակարանը եւ կը շարունակեն հոն բնակիլ` հակառակ բազում դժուարութիւններուն եւ իրենց գլխուն վերեւ Դամոկլեան Սուրի մը պէս կախուած վտանգին:
Անոնք բազմիցս յայտնուած են վտանգի մէջ. «Երբ կազի պայթուցիկ տակառներ մեր բնակարանին ուղղութեամբ արձակուեցան, մենք ընտանեօք տունն էինք, թոռնիկս քնացած էր իր ննջասենեակին մէջ: Պայթիւնը տեղի ունեցաւ դրացիին տան մէջ, սարսափով կը տեսնէի դրացիներուս տան իրերուն օդին մէջ տարտղնումը:
Այդ պահուն միայն թոռնիկիս անունը կու տայի: Երբ ձայները դադրեցան, քարերուն տակէն հրաշքով ազատեցաւ փոքրիկ ձագուկս, թէեւ աչքը փոշիներէն բորբոքեցաւ, սակայն, փառք Աստուծոյ, անցողակի էր»,- կը պատմէ Թալին: Ան կառչած կը մնայ կեանքին, տան, հայաբոյր միջավայրին եւ կը հաւատայ, որ պատերազմի աւարտէն ետք Հալէպը պիտի վերականգնի: Թալին կը յայտնէ, թէ այսպիսի պայմաններու մէջ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ: Ան մասնակցութիւն կը բերէ բարեսիրական զանազան աշխատանքներու, ինչպէս օրինակ Նոր Գիւղի մէջ Գաղթականներու Օժանդակութեան Յիսուսեան Խորհուրդին կողմէ – երկուքուկէս տարիէ ի վեր – ամէնօրեայ դրութեամբ կիրարկուող ճաշի բաշխման աշխատանքին, որու ընթացքին օրական 1600 անձերու (անոնցմէ 1300ը տեղացի, իսկ 300ը հայ) ճաշ կը մատակարարուի: Թալին, իր կողքին ունենալով բազմաթիւ նուիրեալ ընկերուհիներ, ամէն կէսօր ժամը 12:00էն 3:30, առանց բացակայութեան կը հսկէ այս աշխատանքներու ընթացքին: Ան կը մասնակցի նաեւ հանդերձահաւաքի եւ հանդերձաբաշխման աշխատանքներուն:
Թալին իր ապրած առաջին վտանգէն եւ բնակարանի վերաշինման աշխատանքէն երկու ամիս ետք երկրորդ ցնցում մը կ՛ապրի, երբ Նոր Գիւղ կրկին թիրախ կը դառնայ ահաբեկչութեան: Անոր բնակարանը կրկին կը վնասուի. «Այդ ժամանակ երկու օր բնակարանս պարտադրաբար լքեցի, սակայն համոզուած էի, որ պիտի վերադառնամ ու շարունակեմ ապրիլ իմ միջավայրիս, իմ հոգեհարազատ շրջանակիս մէջ: Ես եւ ինծի նման շատեր վերադարձանք մեր բնակարանները` շարունակելու մեր կեանքն ու ծառայողական աշխատանքը»,- կը հաստատէ Թալին:
Ս.Օ.Խաչի մեծ ընտանիքին անդամ ըլլալով` Թալին կը մասնակցի նաեւ միութեան բարեսիրական աշխատանքներուն: Նոր Գիւղի մէջ, Ս.Օ.Խ.ի Խնամատարական Յանձնախումբը 300 նպաստընկալներու հերթական դրութեամբ օժանդակութիւն կը յատկացնէ, իսկ «Պնակ մը տաք ճաշ» ծրագիրով մօտաւորապէս 230 անձի սնունդ կը հայթայթուի: Ազգային Պատսպարանի փոքրիկները եւս կ՛արժանանան Ս.Օ.Խ.ի մշտական խնամքին:
«Հալէպը իմ կեանքս է, մայր գաղութ է, չեմ կրնար կեանքս պատկերացնել Հալէպէն դուրս: Երբ գիշերը գլուխս բարձիս դնեմ միշտ հարց կու տամ ինքզինքիս, թէ արդե՛օք յաջողեցայ անհատի մը դէմքին գէթ ժպիտ ուրուագծել: Ծառայասէր բազմաթիւ հայ կանանց կողքին հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կ՛ապրիմ` մասնակցութիւն բերելով բարեսիրական կամաւոր աշխատանքներուն: Մենք իրարմով կը զօրանանք ու ծառայութեամբ մեր միջավայրը աւելի ջերմ կը դարձնենք, մանաւանդ այս ծանր օրերուն»,- կ՛եզրափակէ Թալին:
Տեղին է յիշել, որ Թալինին եղբայրը մօտ երկուքուկէս տարի է առեւանգուած է եւ ընտանիքը անտեղեակ է անոր վիճակէն:
Հալէպահայ Սիլվա Մանուկեան եւս կը բնակի Նոր Գիւղի «Կիլիկիա» շէնք: Ան բազմաթիւ ընտանիքներու նման դիպուկահարի փամփուշտներու տարափին տակ պարտադրաբար լքած է իր բնակավայրը: Նոր Գիւղի բնակիչները, ինչպէս Հալէպի հայահոծ այլ շրջաններու, շատ անգամ տագնապահար կացութիւններու մատնուած են: Կամաւոր ծառայողներ փութացած են օգնութեան: Սիլվա Մանուկեան Ս.Օ.Խաչի Դարմանատան մէջ կը գործէ որպէս բուժքոյր: Ս.Օ.Խաչի Դարմանատունը յաճախ առաւօտեան իր դռները կը բանար, հարկ եղած պարագային կէսօրէ ետք ալ կը գործէր:
Մանուկեան ականատես եղած է Դարմանատան շէնքին հետզհետէ վատթարացող վիճակին: «Պատերազմի սկզբնական շրջանին եղան պարագաներ, որոնց տուները կը գտնուէին աղէտեալ գօտիի վրայ, մենք` Շտապ Օգնութեան Յանձնախումբս, դժուարին վիճակի մէջ, նոյնիսկ շէնքերու երդիքներէն սողալով հասած ենք մեզի դիմող պարագաներուն»,- կ՛ըսէ ան: Այդ օրերուն կազմուած Շտապ Օգնութեան Յանձնախումբին կողմէ կը կատարուէր վիրաւորներու նախնական դարմանումը:
Բժշկական ծառայութեան կողքին, Սիլվա Մանուկեան ջուրի սուր տագնապի օրերուն մաս կազմած է Նոր Գիւղի ակումբի Ջուրի Մատակարարման Յանձնախումբին:
Ան ամէն օր, առանց բացակայութեան, կը ներկայանար կեդրոն եւ կը պատասխանէր հարիւրաւոր հեռաձայններու` արձանագրելու ջուրի կարիք ունեցող բնակիչներու անուանացանկը.- «Նոր Գիւղի մէջ Ջուրի Մատակարարման Յանձնախումբը հերթական դրութեամբ, որոշակի ժամերուն կ՛ընդունի բազմաթիւ դիմումներ, ապա կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը համադրէ բաշխումը: Սկիզբը մէկ, ապա վերջերս երեք ջրատար մեքենաներով լծուեցանք այս գործին: Իւրաքանչիւր ջրատար մեքենայ 12-15 տան ջուր կը հասցնէ, այսինքն մօտաւորապէս 50-60 տուն, այս մէկը օրական 50.000 լիթր ջուր կը նշանակէ»:
Տագնապահար Հալէպի մէջ, Սիլվա Մանուկեան ահաւոր դէպքերու ականատեսը ըլլալով հանդերձ` կը պահէ իր լաւատեսութիւնը գալիք օրերու նկատմամբ: Ան իր ծնողքի դաստիարակութեան եւ մարդ արարածի բնածին խիղճին մղումով կ՛ուզէ մշտապէս ծառայել հայկական մեր կեանքին, ինչպէս մայր գաղութի վերականգնումին հաւատք ընծայող բազմաթիւ ծառայասէր հալէպահայեր:
ԼՈՒՍԻՆ ԱՊԱՃԵԱՆ-ՉԻԼԱԲՈՇԵԱՆ
«Գանձասար»