Արթուր Ջանիբեկեանի Հիմնադրամը Գնած Է Ուիլեամ Սարոյեանի Տունը Ֆրեզնոյի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/Սարոյանի-տուն.jpg)
20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան հսկաներէն մէկը` Ուիլեամ Սարոյեան կ’ապրէր եւ կը ստեղծագործէր Ֆրեզնոյի Կուփեր միջնակարգ դպրոցէն (Gooper Middle School) դէպի արեւմուտք ինկած 2729 Կրիֆիֆ Ուէյ (W Griffith Way) փողոցին մէջ գտնուող առանձնատան մէջ: Այսօր մեծանուն գրողին տունը կը գտնուի ամայացած ու դատարկուած վիճակի մէջ` փայտէ պատուհաններով, խնամքի բացակայութեան արդիւնքով յառաջացած լուրջ վերանորոգում պահանջող պատերով, յատակով եւ այլն:
Խորապէս գիտակցելով Սարոյեանի ձգած ժառանգութեան համամարդկային կարեւորութիւնը, հաշուի առնելով առանձնատան անմխիթար վիճակը եւ նպատակ ունենալով փրկել այն ոչնչացումէն` 2015 թուականին այն գնեց Արթուր Ջանիբեկեանի կողմէ ստեղծուած «Ինտելեկտուալ ռենեսանս» հիմնադրամը, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին մեծ զարկ տուած է հայերէն Վիքիփետիայի զարգացման եւ նպաստած հայկական մտաւոր ներուժը միջազգային մակարդակի բարձրացնելուն:
Համաձայն հիմնադրամի տարածած հաղորդագրութեան` առանձնատունը պիտի վերակառուցուի որպէս տուն-թանգարան, որ պիտի ապրի ստեղծագործական բուռն կեանքով` հանդիսանալով մշակութային օճախ ոչ միայն համայն հայութեան, այլեւ ամբողջ աշխարհի համար: Տուն-թանգարանին մէջ պիտի կազմակերպուին գրական երեկոներ, փառատօններ եւ այլ մշակութային ձեռնարկներ:
«Ինտելեկտուալ ռենենսանս» հիմնադրամը կը մշակէ, եւ շուտով հանրութեան դատին կը յանձնէ տուն-թանգարանի վերակառուցման նախագիծն ու գործունէութեան ծրագիրը: Հիմնադրամը կ’առաջարկէ բոլոր ցանկացողներուն ներկայացնել իրենց գաղափարները` ուղարկելով նամակ info@saroyanmuseum.com էլ. հասցէին:
«Մենք մեծ ուրախութեամբ կը քննարկենք բոլոր առաջարկները»,– կ’ըսուի հիմնադրամի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ֆրեզնոյի մէջ Ուիլեամ Սարոյեանի տունը վաճառքի հանուած էր 2015-ի Մայիս 4-ին: