Հանրապետական Խորհրդակցութիւն` Մայրենիի Օրուան Ընդառաջ

Փետրուար 19-ին, ժամը 15:00-ին ՀՀ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մէջ (Հասցէ` Գր.Լուսաւորիչ 15, 2-րդ յարկ) ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին հետ համատեղ Մայրենիի օրուան ընդառաջ տեղի պիտի ունենայ «Հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան արդի հիմնահարցեր» խորագիրով հանրապետական խորհրդակցութիւն:

Ելոյթներով հանդէս պիտի գան  ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեան, ՀՀ   ԳԱԱ   ՀՀԳԲ  ակադեմիկոս – քարտուղար Եու.Սուվարեան, ՀՀ   ԳԱԱ   ԼԻ  տնօրէն Վ.Կատուալեան եւ այլք:

Ձեռնարկին պիտի մասնակցին անուանի լեզուաբաններ, Համալսարաններու-ներկայացուցիչներ:

Պիտի քննարկուին հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան հարցեր, պիտի ներկայացուին հանրապետութեան գիտակրթական հաստատութիւններուն մէջ մայրենիի հետազօտութեան տարբեր ուղղութիւններն ու եղանակները, պիտի յստակեցուին առկայ խնդիրները եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:

Scroll Up