Հալէպի մէջ անգամ մը եւս զգալի վնասներ կրեց հայ համայնքին պատկանող ունեցուածքը (լուսանկարներ)

Նախապէս հաղորդած էինք, որ վերջին քանի մը օրերու ընթացքին բազմացաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծումները ընդհանրապէս Հալէպ քաղաքի զանազան շրջաններ, որոնց կարգին է նաեւ քրիստոնեաբնակ եւ հայաբնակ շրջանները:
Մէկ կողմէ, սուրիական կառավարական զօրքը, ռուսական օդուժի աջակցութեամբ, յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ Հալէպի շրջակայքը: Միւս կողմէ, Հալէպի երբեմնի հայաշատ թաղամասերուն մէջ մերթընդմերթ ռումբեր կը պայթին, իսկ ահաբեկիչները այնքան մօտ են, որ անոնց ինքնաշէն «հրթիռները»` հիմնականօրէն կազի տակարներէ պատրաստուած, շատ դիւրին կը հասնին բնակելի թաղամասեր ու զգալի մարդկային ու նիւթական վնասներ կը հասցնեն:
Վերջին նման դէպք երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ` Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի ՍՕԽ-ի Հալէպի Ընկերաբժշկական կեդրոնը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Հայ Ծերանոցի ու ճեմարանի մօտ: Հրթիռներ արձակուեցան նաեւ Սիւլէյմանիէ, Գաթթրիի շրջան, Թելեֆոն Հաուաի, ալ-Ճապրիյէ, Մէյսելուն, Ազիզիէ եւ այլ տեղեր:
Արդարեւ, Հալէպի մէջ պայթիւնները, աւերածութիւնները, ռումբերն ու հրթիռները տակաւին կը շարունակուին:
Տակաւին չենք խօսիր խափանուած ջրամատակարարումին ու ելեկտրականութեան մատարակարումին մասին: Բնականաբար զգալի վնասներ կրեց անգամ մը եւս հայ համայնքին պատկանող ունեցուածքը` եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային վայրեր, բնակարաններ, աշխատավայրեր, խանութներ: Պէտք է ըսել, որ ՍՕԽի Հալէպի Ընկերաբժշկական կեդրոնը բացի մուտքի բարձրացած պատէն ընհանրապէս ամբողջութեամբ քանդուած է:
Այս մասին կը յայտնէ Perio News: