Ուժգին Պայթումներ Գամիշլիի Մէջ

Վայրկեաններ առաջ Գամիշլիի “Ուըսթա” քրիստոնէաբնակ թաղամասին մէջ, Զանգոյի դիմաց (նոյն փողոցը ուր օրեր առաջ պայթում եղած էր), ահաբեկչական երկու ուժգին պայթում ցնցեց քաղաքը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն տեղի մեր աղբիւրները։

Դէպքի վայրը շրջափակուած է, կան վիրաւորներ եւ խանութները կրած են մեծ վնասներ։ Նոյն փողոցի մէջ կան հայ սեփականատէրէրու խանութներ։ Առ այժմ վիրաւորներու անունները յստակ չեն։

Մանրամսնութիւնները կը փոխանցուին յառաջիկային։

Scroll Up