Հայաստան Հաստատուած Սուրիացի Գործարարները Խթանած են Նաեւ Հայ-Լիբանանեան Առեւտուրը. Դեսպան

Հայաստանը եւ Լիաբանանը մեծ յաջողութիւններ ունեցած են 2015 թուականի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու մէջ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ նման գնահատական տուած է Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ժան Մաաքարունը: «Սուրիոյ մէջ պատերազմի բռնկումէն ետք մեծ թիւով սուրիացի գործարարներ հաստատուած են Հայաստան, որոնք լաւ կապերու մէջ են լիբանանցի առեւտրականներու եւ գործարարներու հետ: Այս հանգամանքը խթանած է առեւտուրը Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ»,- ըսած է Մաաքարուն:

Դիւանագէտը գոհունակութեամբ նկատած է, որ Հայաստանը գրաւիչ երկիր է լիբանանեան ներդրողներու համար: 2015 թուականի Մայիսին լիբանանեան ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ նախաձեռնած է գիւղատնտեսական հսկայածաւալ նախագիծ: Gardeni Lebanese Farms LLC ընկերութեան հիմնադիր Նիկոլայ Ապու Ֆայզալը Եղվարդի մէջ գնած է 100 հեկտար հողատարածութիւն, ուր 22 հեկտար տարածութեան վրայ պեկան տեսակի ընկուզենիներ տնկուած են: «Հինգ տարիէն Հայաստանը երկրորդ տեղը պիտի գրաւէ բեգանի արտադրութեան ոլորտին մէջ` Միացեալ Նահանգներէն յետոյ»,- ըսած է ան: Բեգան տեսակի ընկոյզ Հայաստանին մէջ առաջին անգամ է կ՝աճեցուի: Կ՝ակնկալուի, որ քանի մը տարի յետոյ այգիին մէջ մօտաւորապէս 3000 թոն ընկոյզ պիտի արտադրուի եւ արտահանուի այլ երկիրներ:

Բացի այդ, վերջին տարիներուն մայրաքաղաք Երեւանի մէջ աւելցած է լիբանանեան խոհանոցներու թիւը: Իսկ Պէյրութ-Երեւան ուղիղ չուերթը, որուն ուղեւորները մէկ ժամուան մէջ Երեւանէն կը հասցնի Պէյրութ եւ հակառակ ուղղութեամբ, աւելի կը դիւրացնէ առեւտրային յարաբերութիւնները: «Ես կը հաւատամ մասնաւոր հատուածին: Լիբանանցիները յայտնի են իրենց մասնաւոր գործունէութեամբ: Երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրը աւելցնելու համար յուշագրերու կարիք չկայ: Այս տարի աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրուած են, քան նախորդ տարի»,- աւելցուցած է դեսպանը:

Հայաստանի մէջ կը գործեն լիբանանեան դրամագլուխով աւելի քան 100 ընկերութիւն, Հայաստանի մէջ լիբանանեան ներդրումներու ծաւալը, 2011թ. վերջի դրութեամբ, կազմած է 103 միլիոն տոլար: ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին համաձայն` 2014 թուականին Հայաստանէն ապրանքներու արտահանումը Լիբանան կազմած է 2 միլիոն 80.04 հազար ԱՄՆ տոլար, ներմուծումը` 1 միլիոն 424 հազար ԱՄՆ տոլար: 2013թուականին արտահանման ծաւալները եղած են 300.5 հազար ԱՄՆ տոլար, իսկ ներմուծումը` 1 միլիոն 814.3 հազար ԱՄՆ տոլար:

Scroll Up