Մեծ Բրիտանիան Պատրաստ Է Զգալի Միջոցներ Յատկացնել Սուրիոյ Քաղաքներու Վերականգնման Համար

Մեծ Բրիտանիան կրնայ զգալի ֆինանսական միջոցներ յատկացնել Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու հետեւանքով տուժած քաղաքներու վերականգնման համար: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը, խորհրդարանին մէջ յայտարարած Է Միացեալ Թագաւորութեան ֆինանսներու նախարար Ճորճ Օսպոռն:

Անոր խօսքով` «Եթէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում ձեռք բերուի, ապա ատիկա հնարաւոր կը դարձնէ, որ Մեծ Բրիտանիոյ զարգացման նախարարութիւնը» քննարկէ ֆինանսական օգնութիւն տրամադրելու հարցը: «Ես ձեզի կրնամ հաւաստիացնել, որ մենք  կրնայինք զգալի գումարներ յատկացնել Սուրիոյ այդ քաղաքներու վերականգնման համար»,-­ըսած Է նախարարը:

Ինչպէս աւելի վաղ յայտարարած Էր Օսպոռն, արտասահմանին, ինչպէս նաեւ` անկայուն վարչակարգերուն, օգնութիւն ցուցաբերելու համար Մեծ Բրիտանիոյ պիւջետային ծախսերը մինչեւ 2020 թուական կ’աւելնան մինչեւ 16,3 մլր փաունտ, հաղորդած Է ՏԱՍՍը:

 

Scroll Up