Հայերու Վենետիկը. հանրային դասախօսութիւններ ԵՊՀ-ի մէջ

Գաղթականներու միջազգային կազմակերպութիւնը եւ Երեւանի պետական համալսարանը կը կազմակերպեն հանրային դասախօսութիւններու շարք, որ կը վարէ Սոնա Յարութիւնեան` Վենետիկի ԳաՖոսկարի համալսարանէն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, դասախօսութիւնները տեղի կ’ունենան Նոյեմբեր 9-ին ու 10-ին ԵՊՀ Եղիշէ Չարենցի անուան սրահին մէջ:
«Հայոց ցեղասպանութեան թեման` իտալական գրականութեան մէջ»-Նոյեմբեր 9, ժամը 11:00:
«Հայերի Վենետիկը»-Նոյեմբեր 10, ժամը 12:50: