Աշխարհի մեծերը հայերու մասին. ԱՆՐԻ ՌՈՇՖՈՐ

Ֆրանսացի հրապարակախօս Անրի Ռոշֆորը (1830-1913) «La Patrieէ թերթի խմբագիրը եղած է: 1913-ին իր խմբագրած թերթի մէջ գրած է “մեծ զոհը” առաջնորդող յօդուածը (տպագրուած է “Մշակ”-ի մէջ 1913թ. N.23, 3 Փետրուար), որ “Հայերն այսօր”-ը կը ներկայացնէ ընթերցողի ուշադրութեանը:
ՄԵԾ ԶՈՀԸ
Կարելի է կարծել, թէ բոլոր հայերը աշխարհ եկած են չարչարուելու ու կոտորուելու համար: Հայերու կոտորածներու մասին այնպէս կը խօսին, կարծես անոնք ըլլան օպերային առաջին ներկայացումը: Այն գազանութիւնները, որոնք ամէն օր կը կատարուին թրքական Ասիայի մէջ, դարձած են տեսակ մը ընթացիկ մանրադրամ, եւ լրագիրերը հազիւ կը յիշատակեն իբրեւ աննշան դէպքեր: Լուրերը կը յայտնեն առանց մեկնաբանութեան. վայրագ իսլամները առանց պատճառի ու ամենափոքր առիթի տանջած են երկու քահանայի, իսկ յետոյ այդ անգութ տանջարարներր կտրած են անոնց լեզուները: Մեր խմբագրութիւնը հեռագրեր ստացաւ այն մասին, թէ ինչպէս պղծուած են ու յետոյ “ցից հանուած” երիտասարդ աղջիկներ, եւ ոչ ոք զարմանք չէ յայտնած:
Բալկանեան չորս պետութիւններ արդէն ազատագրուած են օսմանեան լուծէն եւ միայն Հայաստանն է, որ Բալկանեան դաշնակցութեան չպատկանելու պատճառով պէտք է շարունակէ տեսնել իր հայրենակիցները ցից հանուած եւ կտրուած լեզուներով:
Կարծես թէ այդ խեղճ թուրքերը, զրկուելով այն ամէնէն, ինչ որ գողցած են ուրիշ ազգերէ, իրաւունք ունին ստանալու հատուցում: Եւ դաշնակիցներր անոնց հետ խօսած են նոյն այս լեզուով. «մենք ձեզմէ կը խլենք այն երկիրները, որոնք մեզի կը պատկանէին. անոր փոխարէն մենք ձեզի կը թողենք Հայաստանը, որուն հանդէպ դուք կրնաք ձեր ցանկութեամբ ընել երեւակայական բոլոր անգթութիւնները”:
Կրնաք պատկերացնել, թեւ այդ շնագայլերը ինչպէս կ’օգտագործեն այդ “թոյլտւութիւնը”: Սակայն ինծի անհնար կը թուի, որ այնպիսի անձինք, ինչպիսիք են Յունաստանի թագաւորը, Պուլկարիոյ ցարը եւ Սերպիայի արքան, որոնք գրեթէ ֆրանսացիներ են, տանջանքներու եւ սարսափելի ստրկութեան մէջ ձգեն ժողովրդ մը, զոր կրնան իրենց փառաւոր յաղթութիւններէն ետք խլել դահիճներու ձեռքէն:
Ես այլեւս չեմ խօսիր Եւրոպայի մասին, որուն եսապաշտութիւնը բացառիկ է. ան դրամական շահեր ունենալով Թուրքիոյ մէջ, լաւ յարաբերութիւններ կը պահպանէ Ապտուլ Համիտի հետ եւ գուրգուրանքով կը սեղմէ անոր արիւնաթաթախ ձեռքը:
Մեծ տէրութիւնները ունին արեան ստորութիւն, եւ որեւէ բան զիրենք չի բարձրացնիեր այդ ստորութենէն:
Բայց Բալկանեան քաջ ազգերը, որոնց հերոսութեան մասին ամբողջ աշխարհը հիացումով կը խօսի, ըլլալով իրենց ազատագրական հրճուանքի մէջ, միթէ՞ կարեկցական հայեացք մը չեն նետեր իրենց եղբայրներու վրայ, որոնք գուցէ աւելի հալածուած են, քան ժամանակին եղած են իրենք:
Մարդկութիւնը վրէժխնդրութիւն կ’աղաղակէ ընդդէմ զինք անպատուող աւազակներուն:
Ռուսիան` Կովկասի այսօրուայ տէրը, շատոնց պարտաւոր էր իր նուաճումները զարգացնել մինչեւ Հայաստան, որ ան պիտի միացնէր իր տէրութեան: Եւ Հայաստանը այժմ չէր ըլլար շարունակ կրկնուող անլուր արհաւիրքներու թատերաբեմ:
Անտարակոյս, այդ տարաբախտ եւ գեղեցիկ երկրի մէջ զարհուրելի բան մը պիտի կատարուի: Արիւնը այդտեղ պիտի հոսի ինչպէս միշտ, որովհետեւ Համիտի վարչակարգի անկումէն ետք մարդիկ հաւատ ընծայեցին, թէ կ’ունենան տղամարդոց, կանանց եւ երիտասարդ աղջիկներու կեանքը յարգող Թուրքիա մը, սակայն այժմ աշխարհը միանգամայն հիասթափած է այդ ամէնէն: Նոր կառավարութիւնը միայն խրախուսեց ջարդարարներուն: Անշուշտ, նոյն բանը չէ, աւելի’ վատթարն է:
Աղբիւր` սեւ Գիրք (ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՕՏԱՐԵՐԿՐԱՑԻՆԵՐԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ)