ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց ֆրանսահայ բժիշկներ Միշէլ Շահինեանը եւ Ժորժ Ապուլեանը

Հոկտեմբեր 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ֆրանսայի Հայ բժիշկներու միութեան (UMAF) նախագահ Միշէլ Շահինեանը եւ փոխնախագահ Ժորժ Ապուլեանը:

Ֆրանսայի Հայ բժիշկներու միութիւնը, որուն կ’անդամակցի մօտ 4 հարիւր բժիշկ, մաս կը կազմէ Հայ բժիշկներու համաշխարհային միութեան:

Կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ մեծ աշխատանք իրականացուցած է յատկապէս 1988-ի ահեղ երկրաշարժէն յետոյ` տասնեակ մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ բժշկական սարքաւորումներ եւ դեղամիջոցներ ուղարկելով աղէտի գօտի: Այնուհետեւ աջակցութիւն  իրականացուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահական հաստատութիւններուն: UMAF-ի ջանքերով Երեւանի Էրեբունիի հիւանդանոցը եւ Միքայէլեանի անուան վիրաբուժութեան հիմնարկը համալրուած են բժշկական ժամանակակից սարքաւորումներով:

 Հանդիպման ընթացքին հիւրերը նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին տեղեկացուցին, որ կը ծրագրեն Հայաստանի հետ կապերը աւելի գործուն դարձնել: Արդէն իսկ քայլեր  ձեռնարկած են այդ ուղղութեամբ եւ Հոկտեմբեր 21-ին Սպիտակի մէջ պիտի բանան ատամնաբուժական կեդրոն, որ կահաւորուած պիտի ըլլայ ժամանակակից սարքաւորումներով:

 Ողջունելով ֆրանսահայ բժիշկներու նախաձեռնութիւնը` Հրանոյշ Յակոբեան դրուատանքի խօսքեր ուղղեց Միշէլ Շահինեանին, Ժորժ Ապուլեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք մտահոգուած են Հայաստանի ժողովուրդի առողջութեան պահպանմամբ եւ առողջապահական  ոլորտի զարգացմամբ:

a-2

Scroll Up