«Հողն հայրենի ուրիշ բան էր սորվածներէս…». Յովհաննէս Էքմէքչեան

Լոյս  տեսած է հայրենադարձ սուրիահայ գրող Ժան-Վարդանի (Յովհաննէս Էքմէքչեանի) «Պոռթկում» բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն, որուն առիթով «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը մասնակցած է ՀՀ գրողներու միութեան մէջ կայացած գիրքի շնորհանդէսին եւ զրուցած բանաստեղծին հետ:

– Պարո՛ն Էքմէքչեան, կը շնորհաւորեմ գիրքի լոյսընծայման եւ շնորհանդէսին առիթով: Կարծեմ` մասնագիտութեամբ հողագործ էք, ինչպէ՞ս յայտնուեցաք գրական աշխարհին մէջ:

–  Նախ` շնորհակալութիւն շնորհաւորանքի եւ ներկայութեան համար: Ճիշդ է, ես մասնագիտութեամբ հողագործ եմ, սակայն կեանքիս մէջ հողագործութեամբ երբեք չեմ զբաղած: Հալէպի մէջ հագուստի արտադրութեամբ եւ վաճառքով  զբաղած եմ. մեր ապրանքը կ’արտահանուէր արտերկիր եւ լաւ համբաւ ունէր: Պատերազմի ընթացքին ամէն ինչ քարուքանդ եղաւ: Միշտ սիրած եմ գիր ու գրականութիւն եւ շատ  կարդացած եմ: Ուսումս  ստացած եմ Հալէպի հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Լ.Նաճարեան – Գ. Կիւլպէնկեան» երկրոդրական վարժարանին մէջ, յետոյ աւարտած եմ համալսարանի գիւղատնտեսութեան բաժինը: Նախակրթարանի ուսուցիչս Կարապետ Ճուհարեանն էր` հրաշալի անձնաւորութիւն, որ հայրենասէր սերունդ կը դաստիարակէր: Ան շատ մեծ ազդեցութիւն  ունեցած է իմ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն վրայ. միշտ կ’ըսէր.«գրէ՛… մի՛ ծուլանար, գրէ՛, գրելու շնորհքը ամէն մարդու չէ տրուած… Անպիտան՛»: 40 տարի շարունակ ուսուցիչիս խրատները չէի իրականացուցած: 50 տարեկանիս հետեւեցայ անոր խորհուրդին. գրեցի երկու բանաստեղծութիւն` «Աշուն» եւ «Աղօթք» վերնագիրներով: Ինծի համար երբեմն կը գրէի, բայց ոչ` հրապարակելու նպատակով: Երբ ընտանիքով 3 տարի առաջ հայրենադարձուեցանք, եկանք Հայաստան, շատ ազատ ժամեր ունէի, կիթառ կը նուագէի… սկսայ նաեւ գրել: Հայրենի հողը  լիցքեր պարգեւեց, պոռթկումներ եղան, եւ ծնաւ «Պոռթկում» վերնագիրով ժողովածուս, որ իր մէջ կը ներառէ հայրենասիրական, սիրային, խոհափիլիսոփայական 50 բանաստեղծութիւն:

–  Պարո՞ն Էքմէքչեան, իսկ ինչու՞ Ժան-Վարդան…

–  Վարդան իմ տղուս անունն է: Սուրիական պետութիւնը, 1987թ. սկսած, երբ ծնաւ տղաս, կը պարտադրէր բոլորին, որ մեր ապրանքատեսականին, հագուստները պէտք է ապրանքանիշ ունենան. ես ալ ամէնէն յարմարը գտայ տղուս անունը` Ժան-Վարդան, որմով ալ հանդէս կու գամ որպէս գրող:

–  Երբեւէ արձակ ժանրով ստեղծագործա՞ծ էք:

–  Ունիմ քիչ մը երգիծական ոճով գրուած էջեր` հալէպահայութեան կեանքէն, որոնք դեռեւս չեմ համարձակիր հրապարակելու (Պարոնեանէն յետոյ երգիծական ժանրին մօտենալը այնչափ մեծ պատասխանատուութիւն է, համարձակութիւն):

–  Ժան-Վարդա՛ն, ի՞նչ գտաք Դուք Հայրենիքի մէջ:

–  Գտայ այն ամէնը, որուն մասին կ’երազէի:

–  Ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը, հայրենի հողը:

–  Ասկէ յետոյ ինծի համար ամէն ինչ է Հայրենիքը, իմ տողերովս արտայայտեմ զգացումներս.

Հողն հայրենի ուրիշ բան էր սորվածներէս,

Ան սոսկ ուսում մը չէր երբեք, լոկ գիտական.

Հոս հողը զիս վար չքաշեց, թեւեր տուաւ,

Որ սաւառնիմ արմատներուս մէջ անսահման:

–  Սուրիական պատերազմի աւարտէն յետոյ կը վերադառնա՞ ք Սուրիա:

–  Ո՛չ, երբե՛ք, բացարձակապէս. որոշած եմ, որ հոս պիտի ապրիմ, սակայն, անշուշտ, ամէն մարդ  քանի մը անգամ պիտի երթայ-գայ… Կանգուն է այնտեղ տունս, բայց թալանուած են գործարանները, հաստոցները եւ, ի վերջոյ, այնտեղ հայկական մշակոյթ ունինք, մշակութային օճախներ, եկեղեցիներ, դպրոցներ, որոնց պէտք է տէր ըլլալ:

– Տէ՛ ինչ, պարո՛ն Էքմէքչեան, «Հայերն այսօր» պարբերականի աշխատակազմի անունէն եւս կը շնորհաւորեմ Ձեր առջինեկի` «Պոռթկում»-ի ծննդեան առիթով եւ կը մաղթեմ, որ այդպիսի սրտաբուխ պոռթկումները շարունակելի ըլլան: 

Կարինէ  Աւագեան 

02 03 04

Scroll Up