Արցախը հայուն իրաւատէր ըլլալու համոզումն է.Սեւակ Պօղոսեան

«Երբեմն Արցախի մէջ կը փնտրեմ Սուրիան, մարդոց մէջ կը փորձեմ գտնել հարազատ դէմքեր` յուսալով, որ գոնէ այդպէս կ’առնեմ կարօտս: Բայց կը փնտրեմ նաեւ Ամբողջական Հայաստանը, որուն հօր սիրով կը սիրեմ: Եւ գիտեմ, որ փնտրածս երազանքը կրնայ իրականութիւն դառնալ միայն այն պարագային, երբ Հայաստանն ու Արցախը ըլլան հզօր: Երբ ամէն հայ իր ներդրումը ունենայ հզօր հայրենիքի կերտման գործին մէջ»,-aparaj.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին կ’ըսէ Սուրիայէն Արցախ տեղափոխուած Սեւակ Պօղոսեան:

Սեւակ Պօղոսեան ծնած է Սուրիա: Հայկական դպրոցը աւարտելէ յետոյ ընտրած է իրաւա-տնտեսագիտական մասնագիտութիւնը: Պատանեկան տարիքէն եղած է ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամ, յետագային` անդամագրուած կուսակցութեան շարքերը: Եղած է Սուրիոյ Հայկական ազգային դպրոցի տնօրէն, հայկական հիւանդանոց-ծերանոցի տնօրէն, համայնքապետի ներկայացուցիչ: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է շրջանի ազգային-մշակութային, ինչպէս  նաեւ հայապահպանման ուղղուած  աշխատանքներուն:

Սեւակ արմատներով Սասուն գաւառի Ընկոյզաւան գիւղէն է: Գիւղի 1500 բնակիչէն փրկուած էին միայն 3 հոգի` Սեւակի նախապապը, անոր քոյրն ու եղբայրը, որոնք փրկուած եւ ապաստան գտած են Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ: «Շատ հայերու համար Սուրիան դարձած է եւ՛ ծննդավայր, եւ՛ հայրենիք` այն իմաստով, որ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերուն սուրիացիները ընդունեցին եւ ապաստան տուին: Հայը այնտեղ հնարաւորութիւն ունեցաւ արժանավայել ապրելու, վայելելու իր աշխատանքի վաստակը»,- կը նշէ Սեւակ: Պապերու երկիրը տեսնելու եւ ընտանիքի հետքերով երթալու նպատակով Սեւակ հօրեղբօր հետ այցելած էր Արեւմտեան Հայաստան:

«Գիտես, որ այդ հողերը քու սեփականութիւնդ են եւ ատկէ իրաւազրկուած ես: Այդ զգացումն է, որ մարդու մէջ կ’արթնցնէ վրէժխնդրութիւն եւ պահանաջատիրութիւն, որ աւելի շատ կը կապէ քեզի քու հայրենիքիդ: Հայրենիքը ուժ եւ համբերութիւն կու տայ մեզի,- կ’ըսէ Սեւակ,- մինչեւ Սուրիոյ մէջ իրավիճակի սրումը մտածած եմ հայրենիք տեղափոխուելու մասին: Մէջս միշտ արթուն էր դէպի Հայաստան կանչը»: Մանկութեան յիշողութիւններուս մէջ տպաւորուած է տան պատէն կախուած Արարատ լերան նկարը: Այդ նկարը միշտ անոնց աչքերուն առջեւ էր: Ծնողներու դաստիարակութիւնը եւ աւարտ չունեցող խօսակցութիւննները հայրենիքի, պապերու մասին` անդադար էին:

«Ազգայինի նկատմամբ սէրը միշտ վառ էր մեր օճախէն ներս, որ կը յորդորէ եւ կը ստիպէ` միշտ կառչած մնալ  իրաւունքին, պահանջատիրութեան եւ հայրենիքին: Չըսուած, չարտայայտուած զգացումներս, տարիներով պահած սիրոյ նշոյլը բերաւ ինծի Արցախ…»: 2001 թուականին ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հալէպի մէջ կազմակերպած էր «Դէպի երկիր` կարգախօսի եւ իրագործման միջեւ» խորագիրով երիտասարդական խորհրդաժողով, ուր Սեւակ ծանօթացած է Արցախի ՀՅԴ Երիտասարդականէն մասնակից Յասմիկ Շինդեանի հետ: Հանդիպումը եղաւ ճակատագրական եւ յետագային հանդիսացաւ Սեւակի` հայրենիք հաստատուելու հիմնական դրդապատճառներէն մէկը: «Ինծի համար տարբերութիւն չունէր Հայաստանի կամ Արցախի մէջ հաստատուիլը: Բայց Արցախ իւրայատուկ  է: Արցախն ու Արցախի ժողովուրդը ինծի համար յարգանքի մեծ բաժին ունին… Արցախ հայու իրաւազրկութեան հակառակ պոռթկումն է, իրաւատէր ըլլալու համոզումը: Յաղթական ըլլալու ներշնչողն է: Բարիութեան, ուժի, արդարութեան եւ իրաւատիրոջ զգացումը, հոգեկան բարոյականութեան գագաթնակէտն է Արցախը…»,-կ’ըսէ Սեւակ:

12092663_926604214086201_1875108057_nՄինչ Սուրիոյ դէպքերը  Սեւակ որոշած էր տեղափոխուիլ հայրենիք: 2011 թուականին ամուսնացած եւ հաստատուած է Արցախի մէջ: Սեւակն ու Յասմիկը այսօր կ’ապրին Շուշի: «Շուշիի մէջ տուն ունենալը մեզի համար մեծ ուրախութիւն էր, որ վերջապէս մեր օճախը ունեցանք,-  կը պատմէ Սեւակ,- Շուշին երբեմն տխուր է, երբեմն ալ շատ ուժեղ… Կ’ուզեմ տեսնել Շուշին ծաղկուն, եւ այդ գործին մէջ իւրաքանչիւրս պէտք է մեր ներդրումը ունենանք: Դեռ 2005-ին, երբ առաջին անգամ այցելեցի Շուշի, զգացի հպարտութեան եւ յաղթական ըլլալու զգացումը: Չկրցայ  զգացումներս ու յոյզերս պահել: Շուշին միշտ կը մնայ իր հզօրութեան եւ գեղեցկութեան մէջ: Իսկ ժողովուրդը, յուսամ, կը կարենայ  ապրիլ արժանավայել»: Սեւակն ու Յասմիկը մէկ զաւակ ունին` Անդրանիկը: Սեւաչեայ փոքրիկ Անդրանիկը կը յաճախէ մանկապարտէզ: Իր եւ ընտանիքի ապագան Սեւակ կը տեսնէ հայրենիքի մէջ: «Որդիիս համար առանցքը հայրենիքն է. ուր որ ալ փորձէ երթալ, բախտաւորուիլ եւ յաջողութեան հասնիլ` ուժ տուողը, մէկ է, հայրենիքն է: Ի վերջոյ, ամէն  հայու ապագան հայրենիքի մէջ է: Պէտք է արժէքներդ կարենաս ծառայեցնել հայրենիքիդ եւ հզօրացնել զայն»,- մեծ համոզումով կ’ըսէ Սեւակ:

Սեւակ կարօտով կը յիշէ Հալէպը, քանզի այնտեղ ծնած ու մեծցած հայու համար ատիկա երկրորդ հայրենիք է,  վայր մը, ուր հայը ստացած է սէր եւ ջերմութիւն: «Սուրիոյ այսօրուան պատկերը դաժան է եւ, ցաւօք, յոյս տուող նշոյլներ չկան: Մարդիկ միայն քաղաքականութիւն կը վարեն, եւ այդքան իրարամերժ քաղաքականութեան մէջ որքանով կը կարենաս ապաստան գտնել եւ պաշտպանուիլ այնտեղ մնալով` հարց է- կ’ըսէ Սեւակ,- ոեւէ մէկը այլեւս պէտք չէ տուժէ: Հայը պէտք է տեղափոխուի, վերադառնայ հայրենիք: Փառք Աստուծոյ, այսօր ունինք Ազատ, Անկախ Հայաստան եւ Արցախ: Այդ գաղափարը մեզի համար երազանք էր, որ իրականութիւն դարձաւ: Ինչու՞ այսօր այդ իրականութիւնը չվայելենք,  ինչու՞ զրկենք մեր զաւակները հայրենիքի մէջ մեծնալու հնարաւորութենէն»:  Սեւակի հայրը` Անդրանիկ Պօղոսեան, մինչ օրս Սուրիոյ մէջ է, եւ Հալէպի Կրթասիրաց մշակութային միութեան «Ս.Չեմբերջեան» երկրորդական վարժարանի տնօրէնն է: Անդրանիկ Պօղոսեան երկու անգամ այցելած է Արցախ: «Սուրիա վերադարձաւ` ինծի եւ որդիիս ըսելով, որ Արցախի մէջ մէկ թոռնիկ ու զաւակ ունիմ, իսկ Հալէպի մէջ 500. չեմ կրնար ձգել իրենց… Այս խօսքերը հօրս` Հալէպ վերադառնալու հիմնական պատճառը եղան,- կը պատմէ Սեւակ,- ես չէի կրնար արգելք դառնալ, միայն մաղթեցի յաջողութիւն…»:

12086988_926604264086196_52653983_n

Այսօր Հալէպի մէջ, այդ դժուար ու վտանգաւոր պայմաններով հանդերձ, ազգային դպրոցները կը շարունակեն գործել` յոյսի նշոյլներ տալով Սուրիոյ մէջ ապրող հայերուն: «Սուրիոյ մէջ մնացողներու տարած աշխատանքը հերոսական եւ շատ դժուար որոշում: Աստուած թող իր աջը անոնց վրայ պահէ: Այսօր դժուար է հայկական գաղութը ձգել եւ երթալ այնտեղէն: Այդ գաղութը քրտինք պահանջելով  ստեղծուած է, բայց կայ իրականութիւն, որ պէտք չէ մոռնանք: Որքան ալ որպէս հայ կ’ապրիս Սփիւռքի մէջ, որքան ալ հայրենիքէն հեռու ես, այնքան մատնուած ես ձուլման վտանգին եւ քու առջեւ ծառացած տարբեր դժուարութիւններուն… Ժամանակին մենք ունէինք այնտեղ կալուածներ, հողատարածքներ, որոնք այսօր արդէն ոչ իշխանական ուժերու ձեռքերուն մէջ են, բայց մենք, ստեղծելով ատոնք, միշտ   ունէինք մեր հայրենիքը անկախ տեսնելու երազանքը: Ապրած ենք այն յոյսով, որ օր մը պէտք է տեղափոխուինք Հայրենիք եւ կերտենք մեր ապագան Հայաստանի մէջ…»,-կ’ըսէ ան: Սեւակ ունի երկու եղբայր: Մինչեւ Սուրիոյ պատերազմը սկսիլը` երեք եղբայրներն ալ աշխատանքի բերումով հաստատուեցան տարբեր երկիրներու մէջ, սակայն ամէն ամառ անոնք կը հաւաքուին հայրենիքի մէջ: Սեւակ արդէն հայրենիքի մէջ է եւ կը հաւատայ իր եղբայրներուն ու իր նման շատ-շատերու վերադարձին, որովհետեւ ամէն մէկ վերադարձ ճանապարհ կը հարթէ դէպի այն Հայրենիք, որ դեռ պիտի գայ…

 Սևակ Պողոսյան

Scroll Up