Zeitgesichte. Գերմանիան վերջապէս դէմ հանդէս եկած է Ցեղասպանութեան մասին սուտին
Գերմանիոյ նախագահ Եոահիմ Կաուկի կողմէ` հայերու դէմ կատարուած յանցագործութեան ճանաչումը շատ կարեւոր է` երկար տարիներու լռութենէն յետոյ: Այս մասին գերմանական պատմական Zeitgeschichte պարբերականին մէջ գրած է Ցիւրիխի համալսարանի պատմութեան փրոֆէսոր Հանս Լուկաս Քիզերը: news.am-ի փոխանցմամբ` ան յօդուածին մէջ մասնաւորապէս գրած է.
«2015-ի Յունուարին` Հոլոքոստի յիշատակի օրը, Իսրայէլի նախագահ Ռէոււէն Ռիւլին ՄԱԿ-ի լիագումար նստաշրջանին իր ելոյթը սկսաւ հայերու սպանութիւններու 100-րդ տարելիցի յիշատակմամբ: Ապրիլին Գերմանիոյ նախագահ Եոահիմ Կաուկը աւելի առաջ գնաց: Ան այդ յանցագործութիւնը կոչեց իր անունով եւ յիշատակեց Մերձաւոր Արեւելքի ու Միջագետքի մէջ քրիստոնեաներու տանջանքներու մասին:
Եւ ատիկա ըրաւ լուրջ պատճառով. Գերմանիան պէտք է ընդլայնէ իր պատմական յիշողութեան հորիզոնը:
ժամանակին կայսերական Գերմանիոյ քաղաքական ղեկավարութիւնը որոշած էր անտեսել հայերու ոչնչացումը եւ հրաժարած օգնելու անոնց: Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը կը սկսի նաեւ անկէ, որ ան պատերազմէն առաջ ուշադրութիւն չէ դարձուցած երիտթուրքերու ծրագիրներուն: Միաժամանակ, Գերմանիան սկսած է ռազմական ուժի եւ հրամանատարական օգնութիւն ցուցաբերել թուրք զինուորականներուն` ռազմական գործողութիւններուն մէջ:
1915-ի Մարտին Կոնստանդնուպոլսոյ պաշտպանութիւնը ուղղակիօրէն կախուած էր գերմանական հրամանատարութենէն եւ ռազմական փորձագէտներէն, բայց Գերմանիան ոչ մէկ կերպ չէ միջամտած հայերու դէմ ծրագրուած յանցագործութեան:
Տասնամեակներ շարունակ Գերմանիոյ քաղաքական գործիչներն ու դիւանագէտները չէին խօսիր այդ յանցագործութիւններուն մասին, դէմ չէին գար 1915-1916 թուականներու իրադարձութիւններու մասին սուտին:
Շատ-շատերը` սկսած դոկտոր Եոհաննէս Լեփսիուսէն, բոլորովին այլ կերպ վերաբերած են հարցին: Բայց նոյնիսկ այդ համարձակ հրապարակախօսը պատրաստ չէր բաց կերպով խոստովանիլ կայսերական կարգի պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան համար:
Ալ աւելի կարեւոր է այսօր իրերը իրենց անունով կոչելը, որպէսզի ճշմարտութեան ուժը յաղթանակէ: