Ապրիլեան նահատակներուն յարգանքի այլ արարողութիւն մը եւս
հրաւիրատոմսը, որ ղրկուած էր Մարսիլիոյ ծերակուտական-քաղաքապետ Ժան-Գլօտ Կօտէնի եւ Երուսաղէմի Սուրբ Ղազարու ասպետներէն Օհան Հէքիմեանի անունով, սապէս շարադրուած էր «Cérémonie en hommage aux martyrs du 1er génocide du XXe siècle canonisés 100 ans après (1915-2015)»։
Անիրազեկ մեր ընթերցողներուն համար յիշեցնենք որ այս զբօսայգիին մէկ գողտրիկ անկիւնը 1992ին զետեղուեցաւ գեղեցիկ խաչքար մը, նուէր Երեւանի քաղաքապետութեան կողմէ՝ Մարսիլիա քաղաքին, իբրեւ վկայ ֆրանքեւհայկական դարաւոր բարեկամութեան։ Նշեալ ժամուն հոն էին բաւական մեծ թիւով ընտրեալներ իրենց պետական վզնոցներով, որոնց մէջ քաղաքիս 4րդ եւ 5րդ շրջաններու (6-8 եւ 9-10 թաղամասերու) թաղապետներ Իվ Մորէն եւ Լիոնէլ Ռուայէ, քաղաքապետի ներկայացուցիչ՝ կցորդ Տիտիէ Բարակեան, նահանգային խորհուրդի նորընտիր նախագահուհի (մօր կողմէ հայ) Մարթին Վասալ, Լատին եկեղեցւոյ առաջնորդական փոխանորդը։ Իսկ Հայ եկեղեցւոյ կղերէն Տարօն Եպիսկ. Ճէրէճեան եւ Վարդավառ Գասպարեան ու Տրդատ Պազիկեան քահանաները։ «Արարողութիւնը» վարեց կեդրոնական քաղաքապետարանի արարողապետ Ժ. Գարափլիս։ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը ղեկավարութեամբ Խ. Եըլմազեանի մեկնաբանեց ֆրանսական եւ հայկական փառերգները եւ ի վերին Երուսաղէմ, որմէ ետք Տարօն Եպիսկ. Ճէրէճեան կարդաց Հոգւոցը։ Արդեօք մե՞նք կը սխալինք կարծելով որ Սուրբերուն հոգեհանգիստ չի կատարուիր, թէ ոչ մեր կղերէն ոմանք չեն հաւատար անոնց սրբադասութեան…։
Ապա հերթով խօսք առին Օհան Հէքիմեան, Տիտիէ Բարակեան, տեղական CCAF-ի համանախագահ Սիմոն Ազիլազեան եւ Մարթին Վասալ, որ յայտնեց թէ իր արտասահմանեան առաջին պաշտօնական այցելութիւնը աշնան պիտի կատարէ դէպի Հայաստան։ Ծանուցուեցաւ որ այս տարի Յուլիս 14ին, Ֆրանսայի ազգային տօնին օրը, քաղաքապետութեանս պաշտօնական հիւրը պիտի ըլլայ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան։ Հուսկ ուրեմն խօսք առաւ Էքս-Մարսիլիոյ համալսարանի հայկական ամպիոնի վարիչ Փաթրիք Տօնապետեան որ ծանրացաւ նահատակներուն մեզի կտակած հոգեւոր ժառանգութեան – եւ առաջին հերթին հայերէն լեզուի պահպանման ու փոխանցման անյետաձգելի պարտաւորութեան վրայ, ափսոսալով որ՝ 500.000 (՞՞՞) Ֆրանսահայութենէն ոչ իսկ 200 թեկնածու կայ հայերէնը իբրեւ օտար լեզու՝ Պաքալօրէայի քննութիւններուն ներկայացնող…։ Աւարտին տեղի ունեցաւ Նահանգային խորհուրդի, քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի հիւպատոսարանին նուիրած ծաղկեպսակներու զետեղում։ Թեթեւ հիւրասիրութեամբ մը փակուեցաւ ձեռնարկը։
«Նոր Յառաջ»