Ֆրանսական Մօ քաղաքին մէջ Ցեղասպանութեան թեմայով համաժողով պիտի իրականացուի

Ֆրանսական Մօ քաղաքի Մեծ պատերազմի թանգարանին մէջ Յունիս 13-ին «Ի՞նչ է ցեղասպանութիւնը» խորագիրով համաժողով պիտի իրականացուի, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի «Հայերու կոտորածը. 100 տարի անց» թեման: Այս մասին կը գրէ News.am-ը `յղում ընելով «Nouvelles d’Armռnie» պարբերականին:

Համաժողովը պիտի իրականացուի Պորտոյի Քաղաքական հետազօտութիւններու հիմնարկի դասախօս, Հոլոքոստի Յուշարձանի կրթութեան հարցերու համակարգող Ալպան Փերէն:

«Ռասայական, էթնիկական, ազգային կամ կրօնական պատկանելութեան չափանիշներով բնակչութեան ծրագրուած եւ համակարգուած սպանութիւնը կեդրոնական իշխանութեան գոյութիւն կ’ենթադրէ: Բանավէճերէն բացի, զեկուցողը կ’անդրադառնայ 20-րդ դարու խոշոր ցեղասպանութիւններուն, մասնաւորապէս` 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան»,- նշած են կազմակերպիչները:

 

Scroll Up