ԵՈՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնը իր ելոյթին մէջ մէջբերած է Յովհաննէս Թումանեանը
Այսօր աշխարհ լեցուն է ատելութեան ձայներով եւ բաժանարար գիծերով. մենք ունինք այն աղջիկներու եւ տղաներու ձայներու կարիքը, որոնք կը կանգնին յանուն խաղաղութեան` առաջ մղելու այն արժէքները, որոնք կը միաւորեն մեզի` իբրեւ մէկ միասնական ընտանիք: Այս մասին, ըստ News.am-ի` Յունիս 3-ին, Փարիզի մէջ, ՀՀ պաշտօնական պատուիրակութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնակայան այցի ժամանակ իր ելոյթին մէջ նշած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Իրինա Պոկովան:
Ան մասնաւորապէս յայտարարած է.
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, ինչպէս դուք կը տեսնէք այս երեկոյ, բոլոր ազգերու տունն է: Այսօր մենք խաղաղութեան տունն ենք: Ես կ’ըսէի` մենք այսօր Հայաստանի տունն ենք: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն հիմնադրուած է 70 տարի առաջ այն գաղափարի շուրջ, որ տեւական խաղաղութեան հիմքերը պէտք է դրուին մարդկային գիտակցութեան մէջ: Խաղաղութիւնը պէտք է խարսխուած ըլլայ փոխհամաձայնութեան, իրարու ճակատագիրն ու պատմութիւնը աւելի լաւ ճանչնալու, մարդու իրաւունքներու, միջմշակութային երկխօսութեան վրայ: Ասոնք են այն անհրաժեշտ հմտութիւնները, որ մենք պէտք է սերմանենք երիտասարդ աղջիկներու եւ տղաներու մէջ: Սա է այսօրուան ձեռնարկին ուղերձը:
Աշխարհ օրէ օր կ’երիտասարդանայ: Աշխարհի բնակչութեան կէսը այսօր 25-է ցած տարիքային խումբին մէջ է: Իւրաքանչիւր երիտասարդ կին եւ տղամարդ խաղաղութեան հնարաւորութիւն են, եթէ անոնք կարենան մեծնալ որակեալ կրթութեամբ, արժանապատուութեամբ, իրենք իրենց նկատմամբ յարգանքով, գիտելիքով, իրենց եւ միւսներու պատմութեան իմացութեամբ: Այսօր աշխարհ լեցուն է ատելութեան ձայներով եւ բաժանարար գիծերով: Մենք ունինք այն աղջիկներու եւ տղաներու ձայներու կարիքը, որոնք կը կանգնին յանուն խաղաղութեան` առաջ մղելու այն արժէքները, որոնք կը միաւորեն մեզի` իբրեւ մէկ միասնական ընտանիք: Սա զիս կը յիշեցնէ հանճարեղ Յովհաննէս Թումանեանի «Հայոց լեռներում» բանաստեղծութեան տողերը. «Տանում ենք հնուց մեր գանձերն անգին, մեր գանձերը ծով, ինչ- որ դարերով երկնել է, ծնել մեր խորունկ հոգին»:
Երիտասարդները, տիկնայք եւ պարոնայք, առաջ կը տանին մարդկութեան գանձերը, եւ մենք պէտք է սատարենք անոնց ամէն կերպ:
Այս ոլորտին մէջ ես կը շնորհաւորեմ Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան իր համերգներու այս շարքին համար, որ կը կոչուի «Երիտասարդները յանուն խաղաղութեան»: Այն կը միաւորէ մեր օրերու ամենայիշարժան հայ երաժիշտներէն քանի մը հոգի, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը:
Երկար ժամանակ է, որ Հայաստան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի արժէքներու, առաջնահերթութիւններու եւ նպատակներու յառաջատարն է մեր հնարաւորութիւններու ծիրէն ներս ներառուած բոլոր ոլորտներուն մէջ: Մեր գործընկերութիւնը դեռ պիտի ամրապնդուի: 1992 թուականէն անդամակցելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` Հայաստան միացած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հինգ մշակութային պայմանադրութիւններուն` իր ներդրումը բերելով աշխարհի ժառանգութեան, մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան, մարդկութեան յիշողութեան գրանցման ատեանին մէջ:
Կը ցանկամ առանձնայատուկ ընդգծել Հայաստանի ներդրումը ԵՈՒՆՍԵՔՕ-ի` Յանուն բոլորին հասանելի որակեալ կրթութեան գործողութիւններուն` իբրեւ ԵՈՒՆՍԵՔՕ-ի վեց տնօրէններու հիւրընկալ, իբրեւ արուեստի կրթութեան ազդեցիկ իրաւապաշտպան, իբրեւ մշակութային համերաշխութեան եւ փոխադարձ ճանաչման պատուհան»: