Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գիտաժողով Սպանիոյ մէջ

Մայիս 18-ին Կատալոնիայի համալսարանի աստուածաբանութեան բաժնէն ներս Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ եւ Բարսելոնայի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Լուիս Մարտինես Սիստակի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ գիտաժողով` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Գիտաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աւետ Ադոնցը, Սպանիոյ եւ Պորթուկալի մէջ Հայրապետական պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդ, տէր Սասուն ծայրագոյն վարդապետ Զմրուխտեանը, աստուածաբանութեան բաժնի էեկավար, դոկտոր Արմանդ Պուիճը: Գիտաժողովի գլխաւոր բանախօսն էր դոկտոր Բեռնար Կուլին, բանախօսներն էին գերաշնորհ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանը, դոկտոր Սեբաստիա Ժաներասը:

Գիտաժողովի աւարտին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Յասմիկ Իսահակեանը, Շուշանիկ Յովհաննիսեանը եւ Նարինէ Կուլիկեանը:

 

Scroll Up