Առաջին անգամ «Արթ էքսպօ» ցուցահանդէս` Հայաստանի մէջ

Մայիս 19-ին «Հայ Արտ» մշակութային կեդրոնի, «Վարդգէս Խախամեան Բուզանդ» ԱՁ-ի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ «Հայարտ» մշակութային կեդրոնին մէջ  մեկնարկեց «Արթ էքսպօ» ցուցահանդէսը, որ Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուի առաջին ագնամ:

Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով ներկաները` նախարարը մասնաւորապէս նշեց.«Այսօր բոլորս ականատեսն ու մասնակիցն ենք նախադէպը չունեցող մշակութային միջոցառման: Ներկայացուած հայ եւ օտար շուրջ 50 նկարիչների աշխատանքները արուեստասէր հասարակութեանը բազմալեզու մշակութային երկխօսութեան հնարաւորութիւն են ընձեռում: Այսօր Հայրենիք-Սփիւռք` իր տեսակի մէջ եզակի մշակութային գործակցութեան ծրագրի հիմքն ենք դնում, որը, կարծում եմ, շարունակական կը լինի եւ, Սփիւռքի մեր հայրենակիցներին Հայրենի­քում իրենց կտաւները ցուցադրելու, հայրենեաց եւ օտար նկարիչների, արուեսագէտների եւ արուեսասէրների հետ հաղորդակցուելու, Հայրենիքից ոգի առնելու եւ ստեղծագործական նոր յաջողութիւններ ունենալու հնարաւորութիւն է ընձեռում»:

Նախարարը արժեւորեց յատկապէս «Արթ Էքսպոյի» իրականացման հեղինակները, կազմակերպիչներ Ռիտա Շառոյեանի եւ Վարդգէս Խախամեանի աւանդը, որոնք իրենց գործունէութեամբ կը նպաստեն հայ մշակոյթի տարածման ու զարգացման:

Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան Ռաֆֆի Իւրեջեանի, Ալէքս Թաւերդիի (Անգլիա), Արփա Յակոբեանի,  Շաքէ Ամիրեան (Իրան),  Ատրինէ Գրեգորեանի (ԱՄՆ), Վարդգէս Խախամեանի (Լիբանան), Նաիրա  Չիլինգար­եանի (Գերմանիա), ինչպէս նաեւ այլ նկարիչներու աւելի քան 130 աշխատանքներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ «Հայարտ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Ռիտա Շառոյեան` մասնաւորապէս նշելով.« Ուրախ եմ, որ մեր յարկին տակ այսպիսի բացառիկ ցուցահանդէս կը բացուի, ուր միաւորուած են Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող բազմաթիւ նկարիչներ: Այս ցուցահանդէսը փորձի փոխանակման եւ իրար հետ ծանօթանալու լաւագոյն միջոց է»:

Ելոյթի խօսքով հանդէս եկան նաեւ Վարդգէս Խախամեան եւ ցուցահանդէսի մասնակից  շարք մը նկարիչներ:

Ձեռնարկին երաժշտական համարներ ներկայացուցին Տաթեւ Սասունեան եւ Դաւիթ Գեղամեան:

 Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Մայիս 29:

b

Scroll Up