Հայոց տխուր Աւագ Ուրբաթը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/v.jpg)
«Հայերն Այսօր»-ի տեղեկացմամբ, Դոկտ. Ահմէտ Ալհասր, «ԱլՊաուապէ» արաբական կայքէջին մէջ կը գրէ, որ Ուրբաթ օրերը միշտ տխուր օրեր են, առաջին` Աւագ Ուրբաթը եւ անոր յաջորդող Յիսուս Քրիստոսի Յարուիթիւնը.. Երկրորդը` Ալ ռամատան ամսուան վերջին Ուրբաթ օրը Ալֆըթըր տօնէն առաջ:
Իսկ Երրորդը, որ կրօնքի հետ կապ չունի եւ ոչ ալ անոր կը յաջորդէ ուրախ առիթ մը, ան 100 տարուան ողբերգութեան մը շարունակութիւնն է, այդ Օսմանեան իշխանութեան օրօք թուրքերու կողմէն Հայոց սպանդի յիշատակման օրն է, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր:
Ապրիլ 24-ին Ուրբաթ օր..Աշխարհը կը սգայ մէկ դար առաջ թուրքերու կողմէն կատարուած Հայոց կոտորածները, այդ կոտորածին որակումը ըստ ուսումնասիրողներու` առաջին ցեղասպանութիւնն է նորագոյն պատմութեան մէջ:
Այդ կոտորածներուն, իբրեւ արդիւնք սպաննուեցան եւ տեղահանուեցան հայերը եւ գրաւուեցան հայոց ունեցուածքն ու կալուածները:
Օսմանեան կայսրութեան այս ոճիրին զոհերը միայն հայեր չէին այլ նաեւ սիրիաններ եւ քիլտաններ, ասորիներ ու յոյներ:
Հայերը հարիւր տարի է ի վեր կը պայքարին ցեղասպանութեան Միջազգային ճանաչում ձեռք բերելու համար, որ կատարուեցաւ Էրտողանի նախնիներու կողմէ: Այդ ընթացքին աշխարհի երկիրներ յաջորդաբար դատապարտեցին եւ ճանչցան ցեղասպանութիւնը սակայն Էրտողան ու իր շրջապատը կը պնդեն , որ այդ պատմական սուտեր են:
Էրտողանի այս անխոհեմութեան հակառակ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողներ կ’աւելնան , հասնելով մինչեւ 135 յուշակոթողի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Նոյն ատեն կ’աւելնայ միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ: