Արիս Պապիկեան. Յաղթանակած պայքարի լաւագոյն օրինակ
Մեծ է Գանատայի ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան հարցերով դատաւոր Արիս Պապիկեանի ունեցած ներդրումը Գանատայի իշխանութիւններու կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման, օտար հողի մէջ հայու եւ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման գործին մէջ: Իսկ անոր անցած ճանապարհը ինքնութեան եւ հպատակութեան «յաղթանակած պայքարի» լաւագոյն օրինակն է, ինչին ամէն օր կը բախի Սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր ոք:
Նախ, ո՞վ է Արիս Պապիկեան մարդը.
– Մայրս բնիկ լիբանանցի է, հայրս՝ սուրիացի: Ես ծնած եմ Գամիշլի, բայց հօրս աշխատանքի պատճառով ստիպուած էինք տեղէ-տեղ փոխադուիլ ու ապրիլ տարբեր քաղաքներու մէջ՝ Գամիշլի, Հալէպ, Դամասկոս, Պէյրութ եւ այլն:
Մինչեւ 1976 թուականի վերջը ապրեցայ Լիբանան, ապա մեկնեցայ Յունաստան: Երկու տարի մնացի այնտեղ, այնուհետեւ տեղափոխուեցայ. արդէն 38 տարի է Գանատա կ’ապրիմ:
Գանատայի մէջ հաստատուելէն ետք սկաուտապետ եղած եմ, ոտնագնդակի մարզիչ, ոտնգանդակ խաղացած եմ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի խումբէն: Միեւնոյն ժամանակ սկսայ Հայ դատի գործով զբաղուիլ: Սակայն երբ աշխտանքները սկսան բազմապատկուիլ, հնարաւոր չէր այս բոլոր ասպարէզներու մէջ լաւագոյնը կատարել: Ստիպուած հրաժարեցայ սկաուտական ու մարզչական աշխատանքներէն եւ ուժերս կեդրոնացուցի միայն քաղաքական ասպարէզի մէջ:
– Պարո՛ն Պապիկեան, Գանատան այն երկիրներէն է, որ տարբեր մակարդակներով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հասկնալի է, որ այս ամէնը ինքնիրեն չեղաւ. Հայկական համայնքի, Հայ դատի տարած աշխատանքները գլխաւորաբար կը մնան քուլիսներու ետին: Կը ցանկայի, որ Ձեր օրինակով, այս բոլորի մասին խօսէիք:
– Ես, իրականութեան մէջ, ներքին ճակատով չեմ զբաղիր, իմ աշխատանքներս կեդրոնացուցած եմ արտաքին ճակատի հետեւեալ մարզերու վրայ՝ պետական, խորհրդարանական, կրթական, մամուլ եւ այլ բազմամշակութային կազմակերպութիւններ, էթնիկ խումբեր:
Այս հարցերով կը զբաղէի մինչեւ 1989 թուականը: Մինչեւ Սպիտակի երկրաշարժը եւ Արցախեան շարժումը Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով իր աշխատանքները կեդրոնացուցած էր քաղաքական գետնի վրայ:
Գանատայի խորհրդարանի մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարբեր փորձեր կատարուած են: Առաջինը 1980 թուականին էր, որ, սակայն, ձախողեցաւ: 2-3 տարի ետք դարձեալ փորձեցինք, սակայն այս անգամ մեր գաղութը այդ բանաձեւին դէմ աշխատեցաւ, որովհետեւ այդ օրերու Կառավարութիւնը կը ցանկար Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ ահաբեկչութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենային, միացնել մէկ բանաձեւի մէջ: Հայկական գաղութը մերժեց այդ մօտեցումը: Մեր բարեկամ երեսփոխաններուն բացայայտօրէն ըսինք, որ եթէ Դուք այս ուղղութեամբ պիտի շարունակէք աշխատիլ, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք ձախողցնելու այդ բանաձեւը: Եւ այդպէս ալ եղաւ. մենք խորհրդարանի օրէնքներուն համաձայն՝ կրցանք ձախողցնել բանաձեւի ընդունումը:
Անկէ ետք մինչեւ 1999 թուականը տարբեր առիթներով նոր փորձեր եղան: 1999 թուականին Քէպէքի Ընթեմական կուսակցութեան միջոցով մենք կրցանք առաջին անգամ Գանատայի խորհրդարանի մէջ մէկ օրուան նիստը տրամադրել Ցեղասպանութեան ճանաչման: 6-7 ժամ տեղի ունեցաւ բանավէճ, ներկայացուած բանաձեւը այն մասին էր, որ Գանատայի խորհրդարանը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մեծ ընդվզում կար այդ օրերու Արտաքին գործերու նախարարութենէն, ոչ թէ նախարարէն, այլ պաշտօնեաներէն: Այդ ժամանակ Արտաքին գործերու փոխնախարարը գերմանացի ծագումով անձ մըն էր՝ Փոլ Հայբեքր անունով, որ ամուսնացած էր թուրք կնոջ հետ եւ Թուրքիոյ մէջ Գանատայի դեսպան եղած էր: Թրքամէտ անձնաւորութիւն, որ ամէն միջոցներով կը փորձէր խանգարել աշխատանքները:
Երկար բանավէճերէ ետք Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ընդունեց, որ բանաձեւը ներկայացուի այնպէս, ինչպէս մենք շարադրած էինք: Միայն մէկ բառ փոխեցին. Ցեղասպանութիւնը փոխարինեցին ողբերգութիւն բառով:
Շատ երկար զրոյց ունեցանք մեր բարեկամ երեսփոխաններու հետ: Եթէ մենք չընդունէինք այդ բառի փոփոխութիւնը, բանաձեւը պիտի ձախողէր: Այդ բանաձեւի մէջ կը յիշատակուէր 1915-ը, Հայկական ողբերգութիւնը եւ այլն: Մեր բարեկամ երեսփոխանները խորհուրդ տուին դէմ չըլլալ բանաձեւի ընդունման: Ըսին, որ սա առաջին քայլը կ’ըլլայ եւ ապագային կ’աշխատինք, որպէսզի Ցեղասպանութիւն բառը օգտագործուի: Այդպէս ալ եղաւ:
Այդ փորձէն ետք 2002 թուականին նոր մօտեցումով սկսանք աշխատիլ: Մինչ այդ մեր աշխատանքները կեդրոնացուցած էինք Խորհրդարանի վրայ: Խորհրդակցելէն ետք` որոշեցինք տարբեր ուղղութիւններով շարժիլ, որպէսզի դեսպանատան մէջ, անակնալի բերենք թրքական լոբբինկը:
Որոշեցինք Հայոց ցեղսապանութեան ճանաչման բանաձեւ ներկայացնել Ծերակոյտին: Երկար բանակցութիւններէն ետք, որ մօտ 6 ամիս տեւեց, վերջապէս 2002 թուականին Գանատայի Ծերակոյտը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Անկէ ետք աւելի դիւրին եղաւ բանաձեւը Խորհրդարանի մէջ քննարկման դնել, որ կարողացանք յաջողցնել 2004 թուականին:
2006 թուականին դաշնակցային ընտրութիւններ տեղի ունեցան եւ Պահպանողական կուսակցութիւնը կազմեց փոքրամասնութեան կառավարութիւն, որուն ղեկավարը այսօրուան վարչապետ Ստիվեն Հարբրն էր: Ճէյսոն Քէնին, որ այսօր Գանատայի պաշտպանութեան նախարարն է, մեր շատ լաւ բարեկամն է: 2006-ին, երբ Կառավարութիւնը նոր կազմաւորուած էր, Ճէյսոնը վարչապետի խորհրդականն էր: Մօտեցանք անոր եւ խնդրեցինք ճշտել, արդեօք Կառավարութիւնը` իբրեւ գործադիր մարմին, կրնա՞յ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Երկար զրոյցներէ ետք Ճէյսոն Քէնին ըսաւ, որ վարչապետը համաձայն է: Եւ Ապրիլ 19-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ Գանատայի վարչապետը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ պետութեան քաղաքականութիւն: Մի քանի օր անց արդէն պաշտօնական յայտարարութիւն ըրաւ:
2006 թուականէն ի վեր Գանատայի վարչապետը Ապրիլ 24-ին յատուկ հռչակագիր կը հրապարակէ` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր:
Ինչ կը վերաբերի նահանգային մակարդակին տարուող աշխատանքներուն, ապա Գանատայի 3 մեծագոյն նահանգները՝ Քէպէք, Օնտարիօ, Բրիտանական Կոլումբիա, իրենց Խորհրդարաններու մէջ նոյնպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած են: Այսօր այս երեք նահանգները կը ներկայացնեն Գանատայի բնակչութեան մօտ 75-80 տոկոսը:
Այս բոլորէն բացի Գանատայի մէջ կան շարք մը կազմակերպութիւններ, որոնք նոյնպէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:
– Պարո՛ն Պապիկեան, այս ճանաչումները տեղի ունեցան վերջին 20-22 տարուան ընթացքին, բայց Գանատայի դերակատարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետ շատ աւելի հին է:
– Իրաւացի էք, 1921-22-ական թուականներուն Գանատայի մէջ հիմնադրուած է կազմակերպութիւն՝ թագուհիի ներկայացուցիչի ղեկավարութեամբ: Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներուն օգնելու նպատակով Գանատայի մէջ դրամահաւաք կազմակերպուած է, եւ մօտ 300 հազար տոլար գոյացած է: Գանատայի ամենաճանչցուած թերթը՝ «Գլոպ անդ մէյլ»-ը, որ այսօր աշխարհի լաւագոյն տասը թերթերէն մէկն է, ղեկավարած է այդ արշաւը եւ ամէն օր կոչ կ’ուղղէ գանատացիներուն, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն դրամարշաւին:
Այլ հետաքրքրական պատմութիւն ալ կայ: Այն ժամանակ Գանատան անկախ երկիր չէր, այլ Անգլիոյ հպատակն էր: Վերջինս Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք, ի թիւս այլ արեւմտեան պետութիւններու, պատերազմին կրած վնասներու համար Օսմանեան կառավարութենէն հատուցում ստացած է: Անգլիոյ ստացած գումարի մէկ մասը Գանատա ուղարկուած է, որպէսզի յատկացուի այն հայերուն, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք տեղափոխուած էին Գանատա: Այդ օրերուն հայերը մօտ 30 հազար գանատական տոլար հատուցում ստացած են Անգլիական կառավարութենէն, որ անուղղակիօրէն Օսմանեան կառավարութենէն էր:
Գանատայի մասնակցութիւնը փաստող երրորդ դէպք եւս կայ: 1922 թուականին գանատացիները Միջին Արեւելք գացած են ու այցելած են այն ճամբարներ, ուր կ’ապրէին հայ որբեր: 8-10 տարեկան մօտ 140 որբ երեխայ բերած են Գանատա: Օնտարիոյի հարաւին ագարակ գնած են եւ այդ երեխաները բնակեցուցած են այնտեղ: Սկսած են հոգ տանիլ անոնց, ուսում տալ: Այդ երեխաները կոչածեն Ճորճ Թաունի երեխաներ, այն պատճառով, որ ագարակը Ճորճ Թաուն քաղաքի մօտ էր:
Կան այս ամէնը հաստատող բաւականին արխիւային փաստաթուղթեր, որոնք կը փաստեն, որ Գանատան նոր չէ, որ կ’առնչուի Հայկական ցեղասպանութեան խնդիրին: Ան առաջին օրէն գործուն դերակատարութիւն ունեցած է:
Իսկ ժամանակի ընթացքին հայկական գաղութը բաւական ներդրում ունեցած է Գանատայի տարբեր ոլորտներէն ներս՝ մշակութային, հասարակական, տնտեսական, կրթական, գիտական եւ այլն: Կրնամ թուել մի քանի անուններ. Եուսուֆ Քարշ, որ հռչակաւոր լուսանկարիչ է ոչ միայն Գանատայի, այլեւ իբրեւ համաշխարհային դէմք, փրոֆէսոր Սեֆերեան, որ Գանատայի վարչապետներէն մէկու` Պիեռ Թրուդոյի տնտեսական խորհրդականն էր:
Այս օրերուն եթէ գանք` կրնանք նշել՝ Ատոմ Էգոյեան, Արսինէ Խանճեան, Իզարել Պայրաքտարեան, Հրանդ Այլանաք եւ այլք: Կան այլ հայորդիներ, որոնք գործուն դերակատարութիւն ունեցած են եւ իրենց առօրեայ կեանքով, գործունէութեամբ կարողացած են դրական մթնոլորտ ստեղծել Գանատայի մէջ՝ հայ ժողովուրդի նկատմամբ:
Այս է Հայոց ցեղասպանութեան ու Գանատայի կապերու պատմութեան ամփոփումը:
– Ապագային ի՞նչ քայլեր են անհրաժեշտ ձեռնարկել:
– Ներկայիս Գանատայի խորհրդարանի մէջ բանաձեւ ներկայացուած է նոյն կառավարութեան կողմէն, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ պետական քաղաքականութիւն: Բանաձեւի նպատակն է Ապրիլ ամիսը հռչակել՝ իբրեւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման դատապարտման եւ կանխարգիլման ամիս: Ինչո՞ւ Ապրիլը, որովհետեւ Գանատայի մէջ այս ամսուն կան 3 թուականներ, երբ կ’ոգեկոչուին երեք Ցեղասպանութիւններ. Ապրիլ 7-ը Ռուանտայի ցեղասպանութեան յիշատակի օրն է, Ապրիլի 19-ը Հրէական ողջակիզման ոգեկոչման օրն է եւ Ապրիլ 24-ը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը: Այս երեքի կողքին ուքրանական Հոլոդոմորը, որ Նոյեմբերի վերջին շաբթուան ընթացքին կ’ոգեկոչուի: Այս 4 ցեղասպանական ոճիրները պիտի ոգեկոչուին Ապրիլ ամսուան ընթացքին: Կ’ակնկալենք, որ այս բանաձեւը կ’ընդունուի Յունիսի սկիզբը:
Հակառակ Անոր, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման ուղղութեամբ բոլոր քայլերը կատարուած են օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու միջոցով, բայց թրքական եւ ատրպէյճանական դեսպանատուներու եւ լոբբիի աշխատանքները անընհատ կը շարունակուին: Կը փորձեն բոլոր առիթները օգտագործել, որպէսզի այս ճանաչումները վերատեսութեան ենթարկուին, ետ կանչուին ոչ միայն քաղաքական գետնի վրայ, այլեւ կրթական:
Թորոնթոյի կրթական մարզը, որ Գանատայի հանրային դպրոցներու ամենամեծ մարզն է, 2008 թուականին որդերգրեց նախագիծ, որուն համաձայն 11-րդ դասարաններու աշակերտները կ’անցնեն Ցեղասպանութեան դասաւանդում առարկան՝ հայկական, հրէական եւ ռուանտական: Անոնք կը փորձեն այս ուղեգիծն ալ տապալել: Պէտք է ըսել, որ ատրպէյճանական եւ թրքական կազմակերպութիւնները նիւթական մեծ միջոցներ ունին: Պաշտօնական դեսպանատուներու կողքին ունին իրենց գաղութային կազմակերպութիւնները, որոնց կ’աջակցին գանատական մասնագիտացած ընկերութիւնները, որոնք PR անուան տակ լոբբինկ կը կատարեն:
Այս է Ցեղասպանութեան հետ առնչուող ընդհանուր մթնոլորտը եւ Գանատայի մէջ առկախուած հարցերը: Մենք պէտք է միշտ արթուն ըլլանք: Վերջին փորձը, որ տեղի ունեցաւ Գանատայի Ծերակոյտի մէջ, մի քանի ամիս առաջ էր, երբ բացայայտօրէն քարոզուեցաւ՝ պահանջել Գանատայէն վերատեսութեան ենթարկել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Ճիշտ է, ճանաչումներ տեղի ունեցած են, բայց մենք պէտք է արթուն ըլլանք: Պէտք է Գանատայի կառավարութեան հետ համագործակցութեան աշխատանք տանինք` Գանատա-Հայաստան կապերը, փոխյարաբերութիւնները զօրաւոր հիմքերու վրայ դնելու համար:
Հայաստանի եւ Գանատայի պետութիւններու կողմէն համագործակցութեան դրական մօտեցում եւ փափագ կայ: Միայն պէտք է ծրագրաւորել այդ ամէնը եւ ճշտել այն աշխատանքները, այն ոլորտները, ուր Գանատան կրնայ օգտակար ըլլալ Հայաստանին:
Կարծեմ այս ուղղութեամբ գաղութը մեծ աշխատանք ունի տանելու: Վստահ եմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներէն ետք կը կարենայ գործուն դերակատարութիւն ունենալ նաեւ այս ասպարէզին մէջ:
Անշուշտ, ունինք այլ հարց ալ, որոնցմէ մէկը մեր երիտասարդներու մասնակցութիւնն է ոչ միայն գաղութի, այլեւ Գանատայի քաղաքական կեանքին: Դժբախտաբար, մեր երիտասարդները հեռու կը մնան Գանատայի քաղաքական կեանքէն, մենք ունինք շատ քիչ թիւով անձնաւորութիւններ, որոնք պետական պաշտօններ կը զբաղեցնեն: Երկու երիտասարդներ ունինք, որոնք նախարարներու խորհրդատուներ են, ունինք կարգ մը անհատներ, որոնք տարբեր պետական կազմերու մէջ կը գործեն: Բայց մենք աւելին կրնանք ընել, մեր երիտասարդները կրնան աւելին ընել: Անոր համար պէտք է զիրենք քաջալերենք:
Անշուշտ, ունինք տնտեսական, մշակութային, կրօնական եւ այլ հետաքրքրութիւններ ու ծրագիրներ, բայց Գանատայի հասարակական, քաղաքական կեանքի մէջ մեր մասնակցութիւնը հիմնաւորուած է այս երեք հարցերու շուրջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, Հայաստան-Գանատա փոխյարաբերութիւններ, երիտասարդներու աշխոյժ ներդրումը Գանատայի քաղաքական կեանքի մէջ:
-Պարո՛ն Պապիկեան, Դուք այսօր Գանատայի ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան հարցերով դատաւոր էք: Ինչպէ՞ս կրցած էք յաջողիլ: Այդ ճանապարհը ինչպէ՞ս անցած էք:
– Իրականութեան մէջ հետաքրքրական եղաւ այս նշանակումը: Ես բացարձակապէս չեմ մտածած այս հարցի շուրջ: Ճէյսոն Քէնին տարիներու իմ մօտ բարեկամս է, 1990 թուականէն ի վեր զինք կը ճանչնամ եւ մօտէն կը համագործակցինք իր եւ անոր կուսակցութեան հետ, որուն դերը, ինչպէս ըսի, մեծ է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով:
2005 թուականին որոշուեցաւ Օթաուայի մէջ Հայ դատի գրասենեակ բանալ, որովհետեւ կարեւոր էր առօրեայ ներկայութիւն ունենալ Գանատայի մայրաքաղաքի մէջ: Հակառակ անոր, որ մենք ունինք աշխոյժ համայնքներ Մոնրէալի, Թորոնթոյի, Բրիտանական Կոլումբիայի եւ այլ քաղաքներու մէջ, ուր լուրջ քաղաքական աշխատանքներ կը տարուին, բայց անիկա բաւարար չէր, որովհետեւ երբ այդ անձնաւորութիւնները մայրաքաղաք կը տեղափոխուին, մենք անոնց հետ կապ չէինք կրնար պահպանել: Ոչ միայն անոնց հետ, այլեւ անոնց խորհրդատուներուն, որոնք որոշումներու ընդունման ժամանակ քաղաքական կեանքի մէջ կարեւոր դերակատրութիւն ունին: Պէտք էր առօրեայ յարաբերութիւններ հաստատել այդ անձնաւորութիւններու հետ:
Մենք այլ դժուարութիւններ ալ ունէինք: Գանատայի արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ կար բաւական խորացած հակահայկական մօտեցում, որուն հիմնական դերակատարը Փոլ Հայբեքերն էր, ով տարիներու ընթացքին կրցած էր պատրաստել դիւանագէտներ, որոնք հակահայկական մօտեցումներ ունէին:
Այս հիմնական պատճառներով որոշեցինք Հայ դատի գրասենեակ բանալ մայրաքաղաքի մէջ: Որոշուեցաւ, որ ես պէտք է ղեկավարեմ այդ գրասենեակը, ու ես Թորոնթոյէն տեղափոխուեցայ Օթաուա: Մօտ 4 տարի ետք Ճէյսոն Քէնին նշանակուեցաւ Քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի հարցերով նախարար: Այդ օրերուն դատաւորներ պէտք է նշանակէր: Ու ան իմ թեկնածութիւնս առաջարկեց` ըսելով, որ զիս երկար տարիներէ ի վեր կը ճանչնայ ու գիտէ, որ ես նուիրուած եմ ոչ միայն հայկական գաղութին, եւ Գանատայի հասարակական, քաղաքական կեանքի մէջ իմ ունեցած յաջողութիւններս վստահութիւն կը ներշնչեն: Անոր առաջարկը անակնկալ էր ինծի համար: Քիչ մը մտածելէն ետք` որոշեցի ընդունիլ առաջակը եւ 2009 թուականին նշանակուեցայ այդ պաշտօնին:
Թրքական եւ ատրպէյճանական գաղութները, դեսպանատուները, լոբբիստական կազմակերպութիւնները 6 ամիս պայքարեցան նշանակմանս դէմ՝ յօդուածներ, բողոքներ, վարչապետին նամակներ գրեցին: Անոնց թիւ մէկ մտահոգութիւնը այն էր, որ ես շուրջ 28 տարի Հայ դատի գործով զբաղած եմ, եւ վտանգ կը տեսնէին նշանակմանս մէջ: Զիս անգամ թրքատեաց անձ հռչակեցին: Բայց, բարեբախտաբար, Ճէյսոն Քէնին հաստատուն մնաց իր որոշման մէջ:
Երբ նշանակուեցայ դատաւորի պաշտօնին, անշուշտ, պէտք է հրաժարէի իմ բոլոր այլ աշխատանքներէս, զանազան կազմակերպութիւններու մէջ իմ անդամակցութենէս: Իբրեւ դատաւոր պէտք է չէզոք, արդար ըլլաս: Հրաժարեցայ նաեւ Հայ դատի աշխատանքներէն:
– Սփիւռքի մէջ այսօր ձուլման վտանգը մեծ է: Դուք լաւագոյն օրինակն էք, որ ինքնութիւնը պահելով, հնարաւոր է յաջողիլ նաեւ տուեալ երկրի հասարակական, քաղաքական կեանքի մէջ: Ինչպէ՞ս հնարաւոր եղաւ այդ մէկը, ցանկութեա՞ն, թէ՞ հնարաւորութիւններու հարց է:
– Գանատան այն երկիրն է, որ շատ դիւրութեամբ անձին հնարաւորութիւն կու տայ իր ազգային ինքնութիւնը պահելու, միեւնոյն ժամանակ ներգրաւուելու Գանատայի հասարակական, քաղաքական, տնտեսական կեանքին: Գանատան այն երկիրներէն է, որ բացարձակապէս խտրականութիւն չի դներ անհատի պատկանելիութեան, ազգութեան, կրօնի մէջ:
Կարծեմ գլխաւորը անձէն կախուած է: Եթէ քիչ մը տարբեր անուն ունիս, տարբեր կրօնի կը պատկանիս կամ մաշկիդ գոյնը տարբեր է, որեւէ արգելք չկայ, որ կարենաս յաջող անձ դառնալ ընտրածդ ոլորտին մէջ: Ես բացարձակապէս դժուարութիւն չունիմ երկուքը միասնաբար համատեղելու` իմ ինքնութիւնս, պատմութիւնս պահած եմ, միեւնոյն ժամանակ գանատական քաղաքական, հասարակական կեանքի մէջ գործուն անդամ ըլլալ:
Իմ աշխատանքիս մասն է նաեւ այն, որ ժամանակ առ ժամանակ դասախօսութիւններ կը կարդամ գանատական ուսումնական հաստատութիւններէն, տարբեր կեդրոններէն ներս: Դասախօսութիւնները Գանատայի հպատակութեան, արժէքներու մասին են: Միշտ կը շեշտենք, որ երիտասարդները կրնան այս բոլորը ունենալ, այս բոլորը պահել, եւ մէկը միւսի դէմ, չյաջողելու պատճառ պէտք չէ ըլլայ:
Նոյնը կ’ըսեմ նաեւ մեր երիտասարդներուն, կը քաջալերեմ, որ քաղաքական կեանքի մէջ գործուն ըլլան: Բացարձակապէս անպատեհութիւն չկայ, հպարտ զգան, որ հայ են եւ հպարտ զգան, որ գանատացի են:
– Պարո՛ն Պապիկեան, այս օրերու խօսակցութեան, եւ ոչ միայն, առանցքը Հայոց ցեղասպանութիւնն է: Այն Ձեր ընտանիքի վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է:
-Ցեղասպանութիւնը անմիջական եւ ոչ անմիջական ազդեցութիւն ունի իմ եւ ընտանիքիս վրայ: Անմիջականը այն է, որ իմ մեծ հայրս Ցեղասպանութիւնը վերապրող է. 5 տարեկան եղած է եւ հրաշքով փրկուած Ցեղասպանութենէն: 6 քոյր եւ եղբայր է կորսնցուցած է, իր աչքի առջեւ սպաննած են իր փոքր քրոջը: Անոր մայրը կրցած է ազատիլ եւ հաստատուիլ Գամիշլիի մէջ, ուր մեծ հայրս ընտանիք կազմած է, յաջող գործատէր եղած է: Մեր ընտանիքը անմիջականօրէն իր մաշկի վրայ կը կրէ Ցեղասպանութեան սարսափները:
Ցեղասպանութիւնը ունի այլ երես ալ, որուն ազդեցութիւնը անմիջական չէ: Անիկա Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնն է: Հակառակ անոր, որ մենք ուղղակիօրէն Ցեղասպանութեան օրեր չենք ապրած, չենք վկայած մեր հարազատներու, ազգականներու ջարդը, բայց ուրացումի քաղաքականութիւնը մեր պատմութիւնը, մեր ընտանիքներու պատմութիւնը, մեր անցեալը հարցականի տակ կը դնէ: Սա դժուար է ընդունիլ: Երբ այսօր մէկը քեզի կ’ըմէ՝ դուն կորուստ չունիս, քու պատմութիւնդ սուտ է, քո ընտանիքդ չէ ջարդուած, դուն՝ իբրեւ 3-րդ, 4-րդ սերունդի անձնաւորութիւն, անուղղակիօրէն ազդուած են Ցեղասպանութենէն: Այս էր, որ զիս մղեց, պատճառ դարձաւ, որ իմ աշխատանքներս կեդրոնացնեմ քաղաքական կեանքի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման, դաստիարակութեան, ոգեկոչման այլ մարզերու մէջ:
– Պարո՛ն Պապիկեան, տեղեակ եմ, որ Դուք դեռ 90-ական թուականներուն Արցախ այցելած էք ու շատ հետաքրքրական յիշողութիւններ ունիք: Կը ցանկայի, որ մեր զրոյցը այդ թեմայով աւարտէինք:
– 1991 թուականին ես առաջին անգամ հայրենիք այցելեցի եւ մէկ ու կէս ամիս մնացի Հայաստանի մէջ: Այցիս հիմնական նպատակը առաջին նախագահական ընտրութիւններն էին, կ’ուզէինք գանատական մամուլը լուսաբանէ այդ ամէնը: Հայաստան եկած էի լրագրողներու հետ, որոնք զանազան հարցազրոյցներ ունեցան շարք մը անձնաւորութիւններու, նախագահի թեկնածուներու, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Այդ ժամանակ Հայաստան այցելած էր Քերոլայն Քոկսը, որ պէտք է մեկնէր Արցախ: Ինձմէ խնդրեցին ընկերակցիլ անոր: Համաձայնեցայ, ու երբ գանատացի թղթակիցները իմացան, անոնք նոյնպէս ցանկացան մեկնիլ:
Բաւական հետաքրքրական երեք օրեր անցուցինք Արցախի մէջ: Շատ դժուար ժամանակներ էին, քաղաքը անըդհատ ռմբակոծութեան տակ էր, շրջափակման մէջ, ելեկտրականութիւն, ջուր, սնունդ չկար: Առիթ ունեցանք հիւանդանոցներ այցելելու, դիրքեր, կարողացանք երթալ Շոշ գիւղ, որ Շուշիի վարը կը գտնուէր:
Ամէնէն յատկանշական երեւոյթկ այդ այցելութեան, որ տպաւորեց ոչ միայն զիս, այլեւ Քերոլայն Քոկսը, արցախեան հարսանիքն էր: Օր մը մեզ հրաւիրեցին հիւրասիրութեան: Երբ մտանք սրահ, տեսանք, որ հարսանիքի հրաւիրուած էինք: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` արցախցիները որոշած էին, որ իրենք պէտք է ապրին, գոյատեւեն:
Երբ մտանք սրահ, սեղանները այնքան առատ էին, որ ծածկոցը չէր երեւեր: Քերոլայն Քոկսը զարմացած էր, թէ այս մարդիկ ինչպէս կրցած են շրջափակման, պատերազմի պայմաններու մէջ, ռմբակոծութիւններու տարափի տակ այս տեսակ ճոխ խնճոյք կազմակերպել: Երբ հետաքրքրուեցանք, ըսին, որ բոլոր ստեփանակերտցիները իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են այս խնճոյքին, որովհետեւ ուզած են պատգամ ուղարկել արտաքին աշխարհին, որ իրենք չեն ընկրկիր: Երբ այդ ամէնը փոխանցեցի Քերոլայնին, ան ուզեց խօսիլ, բայց… լացաւ` չկարենալով զսպել իր արցունքները:
Այդ այցելութիւնը բաւականին հետաքրքրական եւ պատմական էր ինծի համար: Ես` իբրեւ սփիւռքահայ, առաջին անգամ Արցախ այցելեցի ու տեսայ Արցախի քաջարի ժողովուրդի պինդ եւ ամուր կեցուածքը, տեսայ արցախցիի ոգին:
Անկէ ետք 5-6 անգամ այցելած եմ Արցախ: Ականատես եղած եմ, թէ ինչպէս բարգաւաճած ու դարձած է երկիր մը, որ կը կրէ պետութեան բոլոր արժէքները: Ես հպարտ եմ Արցախի ժողովուրդի այս յաջողութիւններով, որ միայն իրը չէ. Անիկա բոլորիս յաջողութիւնն է: 600 տարի կորուստներու, ստրկութենէն ետք վերջապէս կրցանք յաղթանակ արձանագրել ի պատիւ Արցախի ժողովուրդի, եւ բնականաբար, Հայաստանի, Սփիւռքի: Կը տեսնեմ` ինչպէս անձնաւորութիւնները սիրայօժար նեցուկ կը կանգնին արցախցիին:
Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան