Սուրիահայ Աշակերտները Հիւրընկալուեցան «Փոքր Մհեր» Կրթահամալիրին ՄԷջ. լուսանկարներ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր Մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Է.Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութեան եւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն ՀԿ-ի աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ սուրիահայ պատանիներն ու աղջիկները այցելեցին Նուբարաշէնի «Փոքր Մհեր» կրթահամալիր, ուր անոնց սիրով ու ջերմութեամբ ընդունեց կրթահամալիրի անձնակազմը:
Ողջունելով հիւրերը` «Փոքր Մհեր» կրթահամալիրի մասնաճիւղի ղեկավար Արման Միրզոյեան եւ կրթահամալիրի փոխտնօրէն Նաիրա Դաւթեան ճանաչողական շրջայց կազմակերպեցին` ծանօթացնելով կրթահամալիր յաճախողներու սոցիալ-կենցաղային պայմաններուն եւ ուսումնառութեան գործընթացին:
Այնուհետեւ կրթահամալիրի հայկազունները թատերականացուած դրուագներու, ազգագրական երգերու, ասմունքի միջոցով ներկայացուցին հայ ազգային ազատագրական շարժման ականաւոր գործիչ, մեծ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի ապրած կեանքը եւ անցած մարտական ուղին: Դահլիճին մէջ կ’իշխէր հայութեան հզօր ոգին, պայքարի ու յաղթանակի արժանաւոր հայ զինուոր եւ պետականութեան աննկուն պաշտպան ըլլալու պատրաստակամութիւնը:
Զօրավար Անդրանիկին նուիրուած ստեղծագործութիւններով հանդէս եկան նաեւ սուրիահայ աշակերտները:
Ամփոփելով ձեռնարկը` «Փոքր Մհեր» կրթահամալիրի տնօրէն գնդապետ Ս.Մուրադեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն` մատաղ սերունդին մէջ հայրենասիրութիւն սերմանելու, ամրապնդելու եւ ոգեւորելու համար, ինչպէս նաեւ յորդորեց նման ձեռնարկներ պարբերաբար իրականացնել:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար եւ կրթահամալիրին յանձնեցին գիրքեր եւ խտասալիկներ:
Ձեռնարկի գեղարուեստական մասին յաջորդեց մարտական վարժանքներու ցուցադրութիւն. հայկազունները սուրիահայ աշակերտներուն ցուցադրեցին հրացաններու քանդել-հաւաքելու հմտութիւնները: