Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ին Մրցանքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի յանձնախումբը, հրատարակչական ծրագիրներուն առընթեր եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով որոշեց քաջալերել երիտասարդական շրջանակներու գիտահետազօտական բնոյթի աշխատասիրութիւնները եւ այդ նպատակին համար հաստատեց դրամական պարգեւներ: Իւրաքանչիւր մրցանակի արժանացողը կը ստանայ 5.000 ամերիկեան տոլար:
Մրցանակներու արժանացող ուսումնասիրութիւնները պիտի հրատարակուին: Մասնակիցները պէտք է նկատի ունենան հետեւեալ պայմանները.
1. Աշխատանքները պէտք է քննարկեն, գիտական ու ակադեմական մօտեցումով, Հայոց ցեղասպանութեան, Հայ դատին եւ հայ քաղաքական մտքի զարգացման վերաբերող նիւթեր:
2. Աշխատասիրութիւնները իրենց շօշափած նիւթով ու մօտեցումով կարեւոր նպաստ պէտք է բերեն վերոնշեալ մարզերուն մէջ:
3. Գործերու յանձնումի ժամկէտը նկատի ունենալ 28 փետրուար 2015-ը:
4. Աշխատանքները պէտք է ըլլան անտիպ, հայերէն կամ օտար լեզուներով:
5. Մասնակիցներուն տարիքն է 20-էն 35:
6. Ուսումնասիրութիւն մը կրնայ ունենալ մէկէ աւելի հեղինակներ:
7. Տառատեսակը նկատի ունենալ «Գրապալատ» (GHEA Grapalat, http://mincult.am/fonts.html), տառաչափը` 12 կէտ/pt: Տողերու հեռաւորութիւնը` տողամիջոցը 24 կէտ/pt: Համակարգչային A4 էջաչափ` 29-30 տող, նուազագոյնը 200 էջ: Տողերու նշաքանակը (character count) 59-60: Իւրաքանչիւր էջի վրայ նուազագոյնը` 1.800 նիշ/character, միջոցները/space ներառեալ: Էջատակի ծանօթագրութիւնները (footnotes) 10 կէտ/pt տառաչափով, 20 կէտ/pt տողամիջոցով:
Աշխատասիրողները մասնակցութեան պայմաններուն վերաբերեալ որեւէ հարցի համար կրնան դիմել հետեւեալ հասցէին.-
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ