«Հակառակ Առկայ Տագնապին Եւ Անոր Պատճառած Վնասներուն, Սուրիահայութիւնը Ամրօրէն Կառչած Կը Մնայ Իր Արմատներուն Ու Ազգային Արժէքներուն» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 20 յուլիս 2014-ին, Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանին արժանացուց սուրիահայ գաղութի մշակութային ու ազգային կեանքին մէջ ներդրում ունեցող ազգայիններէն Հուրի Ազեզեանը (Հալէպ) եւ Յակոբ Ադամեանը (Լաթաքիա): Հանդիսութեան ներկայ էին մտաւորականներ, կրթական-մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծարեալներուն մօտիկ ազգայիններ: Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան ներկայացուց պարգեւատրեալ Հուրի Ազեզեանի մտաւորական, ազգային եւ կրթական վաստակը, իսկ Ժիրայր Դանիէլեան խօսեցաւ պարգեւատրեալ Յակոբ Ադամեանի գրական ու մշակութային ներդրումին մասին:

Վեհափառ հայրապետը, անդրադառնալով սուրիական տագնապին պատճառով սուրիահայ գաղութի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ըսաւ. «Սուրիոյ մեր գաղութը օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը տեսաւ ու գոյատեւեց: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, մեր ժողովուրդի զաւակները վերակազմակերպեցին ու ծաղկեցուցին իրենց եկեղեցական ու համայնքային կեանքը` դառնալով սուրիական ընկերութեան անբաժան մէկ մասը: Իրենց արաբ եղբայրներուն կողքին, անոնք կարեւոր ներդրում ունեցան ու կը շարունակեն ունենալ Սուրիոյ վերելքին մէջ: Այսօր, քաջատեղեակ ենք սուրիական հայրենիքին մէջ տիրող իրավիճակին: Սակայն, հակառակ առկայ տագնապին ու անոր պատճառած վնասներուն, սուրիահայութիւնը ամրօրէն կառչած կը մնայ իր արմատներուն ու ազգային արժէքներուն»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային ղեկավարութիւններուն, բարեսիրական միութեանց եւ Հայաստանի ու սփիւռքի այն բոլոր գաղութներուն, հոգեւոր, պետական ու համայնքային պատասխանատուներուն եւ ազգայիններուն, որոնք կը շարունակեն զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ հայութեան: Ապա, վեհափառ հայրապետը շեշտեց. «Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է. եւ սա համազգային խնդիր է, ինչպէս յաճախ յիշեցուցած ենք: Արդ, մեր սպասումն է, որ այս յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները գործնապէս մասնակից դառնան Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքին»:

Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը գնահատեց Հուրի Ազեզեանը եւ Յակոբ Ադամեանը, Սուրիոյ հայութեան ազգային-եկեղեցական ու մշակութային կեանքին իրենց բերած նպաստին համար եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց զիրենք: Ապա, պարգեւատրեալները յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը արտայայտեցին վեհափառ հայրապետին:

«Ազդակ»

Scroll Up