Հալէպ Պատերազմի Առաջին Օրէն Կը Դիմագրաւէ Ելեկտրականութեան Սուր Տագնապ

«Բերիոյ Նիուզ» կը նշէ, որ Հալէպի մէջ ապահովական տեսանկիւնէ վտանգուած կեանքին կողքին, տակաւին գերակշռողը կը մնայ  կենցաղային ճգնաժամը:

Արդարեւ, եթէ բովանդակ Հալէպը վերջին մէկ ամսուան ընթացքին կը տառապի ջուրի սուր տագնապէ, ապա ելեկտրականութեան տագնապը պատերազմի առաջին օրէն կը մնայ գերակշռող:

Ամրան տաք եղանակին օրուան ընթացքին հազիւ քանի մը ժամ ելեկտրականութեան հոսանքը կը միացուի, Հալէպի որոշ շրջաններու մէջ ընդհանրապէս ելեկտրականութիւնը ամբողջովին անջատուած կը մնայ:

Ելեկտրականութեան խզուած ըլլալուն պատճառով (անկախ այլ զրկանքներէ) սառնարաններուն մէջ պահ դրուած սառեցուած բոլոր պաշարներն ու ձմեռնային պահածոները կը նեխին եւ աղբաման կը թափուին:

Հալէպցիք պատերազմի առաջին օրէն մինչեւ օրս տակաւին կը դիմագրաւեն ելեկտրականութեան տագնապը եւ անոր չգոյութեան պատճառով նորանոր յայտնաբերումներ կը կատարեն, որպէսզի լուսաւորեն կամ գէթ քանի մը ժամ  բնակարանային կամ լաւագոյն պարագային գործատեղի կենսական աշխատանքներ տանին: Անշուշտ նշուած այս բոլոր նոր սարքաւորումները` ելեկտրածին (շարժակ)  եւ այլն, կը կարօտին յաւելեալ գումարի:

Պէտք է նշել, որ ելեկտրականութեան հոսանքը եթէ միանայ, գէթ քանի մը ժամուան համար, հալէպցիք անմիջապէս կ՛անցնին գործի` լուացք, լոգանք, ելեկտրականութեամբ ջուր մատակարարելիք գործիք կ՛աշխատցնեն, լուսարձակներու ելեկտրականութեան լիցքաւորում, ինչպէս նաեւ բջիջային հեռաձայններու ելեկտրականութեան լիցքաւորում, ինչպէս նաեւ այլ երկրորդական սարքաւորումներու գործածութիւն, ինչպէս` պատկերասփիւռ եւ այլն:

«Ազդակ»

Scroll Up