Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» Կոմիտէի Դաստիարակչական Յանձնախումբին Շահան Գանտահարեան Եւ Դեսպան Աշոտ Քոչարեան Զեկուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ռազմավարական Ուղղութիւններուն Մասին

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստական ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 19 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներու եւ ազգայիններու:

ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ ներկայացուած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Մարտիկ Տեմիրճեան, որ նշեալ յանձնախումբին անունով ողջունելէ ետք ներկաները նշեց օրուան դասախօսութիւն-զրոյցի նիւթին հիմնական խորագիրներն ու զեկուցաբերները: «1965-ին Եղեռնի յիսնամեակը հայ ժողովուրդին առջեւ բացաւ աշխատանքի նոր մթնոլորտ, նոր հեռանկարներ», ըսաւ Տեմիրճեան եւ աւելցուց, որ «այժմ կը գտնուինք 100-ամեակի սեմին ու 2015-ի գծով արդէն իսկ աշխատանքի լծուած են բազմաթիւ յանձնախումբեր, հիմնական երեք առանցքներու վրայ` մեր քաղաքական կուսակցութիւնները, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ մեր եկեղեցին, որոնք միասնաբար կը ծրագրեն 100-ամեակը նշել` ճանաչումի հանգրուանէն անցնելով պահանջատիրութեան հանգրուան»: Ապա ան խօսքը փոխանցեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանին:

1906Kocharian_Demirdjian_Kandaharian

Շահան Գանտահարեան գլխաւոր գիծերու մէջ ներկայացուց մայիս 2014-ին 100-ամեակի պետական յանձնաժողովի ընդհանուր նիստին քննարկուած ու ծրագրուած ռազմավարական հիմնական ուղղութիւնները` քաղաքական երեք միջավայրերու` սփիւռքի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ գործելադաշտերուն ծիրին մէջ: Այս իմաստով Գանտահարեան «կարեւոր իրագործում» նկատեց Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբին ջանքերով ամերիկեան քոնկրեսին կողմէ Թուրքիոյ ուղղուած թիւ 306 բանաձեւը, որ Թուրքիայէն կը պահանջէր վերադարձնել Թուրքիոյ ոչ թուրք փոքրամասնութիւններու հոգեւոր սրբավայրերու կալուածները եւ այս` առանց նշելու Ցեղասպանութիւն բառը: Նմանապէս կարեւոր քայլ էր Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն միացեալ յայտարարութիւնը, որ Թուրքիայէն կը պահանջէր վերադարձնել հայկական եկեղեցական կալուածները: Այս ծիրին մէջ պահանջելի շատ կարեւոր կալուածներ ունին նաեւ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնները:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախաձեռնութեանց գծով Շահան Գանտահարեան կարեւորութեամբ նշեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթները` Տէր Զօրի մէջ, թէ` «հայ ժողովուրդը տակաւին կը սպասէ իր Նիւրեմպերկը», նմանապէս` Սեւրի համաձայնագիրին գծով նախագահ Սարգսեանի յիշեցումը, թէ` «Սեւրի համաձայնագիրը տակաւին կը պահէ իր իրաւական եւ այժմէական նշանակութիւնը: Իսկ հայ իրաւաբաններու կողմէ հայկական պահանջներու քննարկումը Գանտահարեան նկատեց «գիտական կարեւոր իրագործում` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պահանջատիրական իրաւական թղթածրարի նախապատրաստութեան գծով:

Քաղաքական երրորդ միջավայրի` Թուրքիոյ կողմէ առնուող քայլերուն անդրադառնալով Շահան Գանտահարեան կարեւոր նկատեց Պոլսոյ հայ համայնքի դերակատարութիւնը, որ սակայն «կարելի չէ նկատել իբրեւ լիարժէք գործօն, շատ հասկնալի պատճառներով»:

Ապա ան մէջբերեց Թուրքիոյ որդեգրած «խաղաղասիրութեան եւ հանդուրժողականութեան» քաղաքականութեան յաւակնութիւնը, իբրեւ թէ «մեծ զիջումներ» կը կատարէ 1990-ական թուականներէն ետք համայնքային կալուածները վերադարձնելու գծով:

Ապա Գանտահարեան նշեց այս գծով պարզուած երեք հիմնական փաստաթուղթերը.

– Ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի նամակը հայերուն, ուր ան կոչ կ՛ուղղէր հայերուն «Արեւմուտքի ձեռքին գործիք չդառնալու»` յիշեցնելով, որ հայերը, քիւրտերն ու թուրքերը դարերով դրացիներ եղած են: Թէեւ բառացիօրէն «Ցեղասպանութիւն» բառը նշող այդ նամակը բանտի կապանքներուն տակ թուրքերու ուզածն էր, որ «կը պատգամէր»:

– Երկրորդ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը, թէ «հայկական սփիւռքը մե՛ր սփիւռքն է եւ աշխարհասփիւռ հայեր իրաւունք ունին վերադառնալու եւ թրքական հպատակութիւն ստանալու, նոյնիսկ վերատիրանալու իրենց կորսնցուցած կալուածներուն, համապատասխան փաստաթուղթերու ներկայացումով»:

– Երրորդ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «ցաւակցական» յայտարարութիւնը` 1915-ի հայոց զոհերուն: Խորքին մէջ Օճալանի, Տաւութօղլուի եւ Էրտողանի այս կեցուածքները թաւշեայ ժխտողականութեան օրինակներ են: Վերլուծելով թրքական այս կեցուածքները` Գանտահարեան բացայայտեց Թուրքիոյ փորձերը` հայ եւ թուրք զոհերը հաւասարեցնելու գծով` նշելով, որ Թուրքիա իր կարգին, ի՛ր ոճով պիտի նշէ 100-ամեակը Անգարայի մէջ, որուն ի պատասխան նախագահ Սարգսեան Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրեց Երեւան:

«Ճանաչումէն հատուցում» փուլային անցումի թղթածրարը կ՛ամբողջանայ մինչեւ յառաջիկայ տարի, ինչ որ նոր զսպանակում կու տայ մեր աշխատանքներուն», ընդգծեց Շահան Գանտահարեան:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ գլխաւոր գիծերու մէջ ներկայացուց 100-ամեակի Հայաստանի պետական կեդրոնական յանձնաժողովի աշխատանքային ծրագիրը` նշելով այդ ժողովին ներկայ աշխարհասփիւռ հայ օճախներու պատկան ներկայացուցիչները, ազգային, դիւանագիտական թէ կրօնական առումով: Դեսպան Քոչարեան այս գծով խիստ բարձր գնահատեց 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին գործունէութիւնը: Ան մէջբերումներ կատարեց օտար դիւանագէտներու յայտարարութիւններէն, որոնք անուղղակի վկայութիւններ են, որ կ՛արձանագրեն այս գծով պատրաստուած յուշամատեանին մէջ եւ ուր կ՛անդրադառնան Հայոց ցեղասպանութեան եղելութեան: Քոչարեան յայտնեց, որ արդէն աւելի քան 40 երկիրներու մէջ այս գծով աշխատանքներ ընթացք առած են:

Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ Տաւութօղլու «հայերու սփիւռքը մեր սփիւռքն է» յայտարարութեամբ ի՞նչ կը նպատակադրէ, դեսպան Քոչարեան ընդգծեց, թէ սփիւռքահայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ գործակցութիւնը համերաշխ է ու ոչինչ կրնայ երկպառակութիւն սերմանել:

Նշենք, որ ձեռնարկի սկզբնաւորութեան, կարճատեւ տեսերիզ մը ներկայացուեցաւ պետական յանձնաժողովի կողմէ պատրաստուած` 100-ամեակի գծով տարուող քարոզչական աշխատանքներու եւ գլխաւոր ձեռնարկներու նախագիծին, լոզունգներուն եւ այլ ձեռնարկներու մասին:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի է գտնել www.genocide100.org կայքին վրայ:

«Ազդակ»

Scroll Up