Պաշտօնական հանդիպում նորանշանակ դեսպան Զոհրաքպ Մնացականեանին հետ
Յունիս 17, 2014, կէսօրին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Նիւ Եորքի Մասնաճիւղը, գլխաւորութեամբ ատենապետին` Յակոբ Վարդիվառեանին, ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿի մօտ Մշտական Ներկայացուցիչ դեսպան Զոհրապ Մնացականեանին հետ Նիւ Եորքի դեսպանատան մէջ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ` փոխ-ատենապետներ` Տոքթ. Վաղինակ Դարբինեան, Յարութ Չաթմաճեան, Շողիկ Չալեան` ատենադպիր, Սիրվարդ Տէմիրճեան` գանձապահ եւ Տոքթ. Սվեթլանա Ամիրխանեան։
Պարոն Յ. Վարդիվառեան, որ անդամ է նաեւ ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան, յանուն Թէքէեան Մշակութային Միութեան համայն անդամակցութեան եւ վարչական կազմերուն բարի գալուստ մաղթեց պարոն դեսպանին եւ, ինչպէս անցեալ աւելի քան երկու տասնամեակներուն, այնպէս ալ այժմ ան համագործակցութեան ձեռքը երկարեց Պարոն Զ. Մնացականեանին, ազգային կարեւոր ձեռնարկներու առթիւ բերելու անվերապահ մասնակցութիւն, ինչպէս` ՀՀ անկախութեան, զինուժերու, ազգային տարեդարձներու եւ այլ առիթներու համար։ Ան վկայակոչեց որ համերաշխ գործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել նաեւ միւս հայկական կազմակերպութիւնները եւս դեսպանատան շուրջ։
Պարոն դեսպանը գնահատանքով խօսեցաւ ունեցած փորձառութեանը` Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան զանազան պատասխանատուներու հետ իր պաշտօնավարութեան տարիներու ընթացքին Անգլիոյ, Զուիցերիոյ եւ Սթրազպուրկի մէջ, ինչպէս նաեւ` Երեւանի մէջ։ Ան բարձրօրէն գնահատեց այս զոյգ կազմակերպութիւններու բարի աւանդը հայրենիքին անվերապահութեամբ օգտակար ըլլալու հանգամանքը եւ ամրացնելու հայրենիք-սփիւռք կապերը, որոնք տասնամեակներու փորձառութենէն մեկնելով եղած են մի´շտ օգտակար հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն։
Այնուհետեւ, դեսպանը Նիւ Եորքի հանրածանօթ թանգարանի` Մորկըն Լայպրըրիի մէջ եղաւ կէսօրուան ճաշի հիւրը, ուր եւս շարունակուեցաւ զրոյցը։
Ներկայ մը